İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՂՊՏԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 18 Յուլիս 2024, Հինգշաբթի առաւօտ ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ քաղաքիս նորանշանակ հովիւ Մարք Ասաատ Քահանայի եւ ընկերակիցներու այցը:

Դաւանակից Ղպտի Եկեղեցւոյ Մարք Ասաատ Քահանան իր պաշտօնի կոչուելուն առթիւ եկած էր մեր Հոգեւոր Պետին ներկայանալու, օրհնութիւնն ու աղօթքը խնդրելու։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց քաղաքիս մէջ նորահաստատ Ղպտի եկեղեցւոյ համայնքին համար եւ ըսաւ, որ աղօթող պիտի ըլլայ սոյն առաքելական մեծ եկեղեցւոյ քաղաքիս մէջի ծառայութեան ու գոյութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın