Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 18 Յուլիս 2024, Հինգշաբթի առաւօտ ընդունեց արտասահմանէն երկու հիւր հոգեւորականներու՝ Ֆրանչիսկեան միաբանութենէն Հ. Անտրէ Մարի Ռահպար Վրդ.ի եւ Աւետարանական Եկեղեցիէն Ռապըրթ Ասսիրիըն Պատուելիի այցելութիւնը։
Անոնք յայտնեցին, թէ իրենց հիւրաբար գտնուած այս քաղաքին մէջ փափաքած էին այցելել Նորին Ամենապատուութեան ու ծանօթանալ իրեն եւ Պատրիարքական Աթոռոյս։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց երկու հոգեւորականներու այցելութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց, ապա սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ քաղաքիս քրիստոնեայ եկեղեցւոյ, Հայոց ու Պատրիարքական Աթոռոյս եւ անոր առաքելութեան մասին։
Այցելութեան աւարտին երկու հոգեւոր հայրեր շնորհակալութիւն յայտնեցին եղած ընդունելութեան համար ու հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun