İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՊԷՔՃԵԱՆ ՔԱՂԱՔՍ ԺԱՄԱՆԵՑ

Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան 15 Յուլիս 2024, Երկուշաբթի օդային ճամբով ժամանեց քաղաքս:

Տիւսէլտորֆի օդակայանին մէջ իրեն ողջերթ մաղթեցին Գերմանիոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան եւ Առաջնորդարանի պատասխանատուներ:

Նորին Սրբազնութիւնը Ստանպուլի օդակայանի մէջ դիմաւորուեցաւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանի կողմէ, որ յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հիւրին:

Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն եւ Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. հանգստեան կոչուած ըլլալով, փափաքած էր վերադառնալ իր ծննդավայրը: Սրբազան Հայրը հաստատուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին տակ՝ հանգստարանի բաժնին մէջ, իրեն տրամադրուած յարկաբաժնին մէջ:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın