İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԻՎԷՐՆԵՐԸ…

Գրեց՝ ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Անցեալ շաբաթավերջին դէպի անդենական յուղարկաւորեցինք Տիկին Մէրի Զիվէրը, բոլորիս համար սիրելի, տիպար, ազնիւ, համակրելի, հոգւով ու դէմքով գեղեցիկ այդ հայուհին որ իր ողբացեալ ամուսնոյն Պէտի Զիվէրի հետ միասին անկասկած ունեցաւ իր անմոռանալի ու ուրոյն բաժինը պոլսահայութեան համայնքային կեանքի պատմութեան մէջ։

Մէրի Զիվէրը ճանչցած եմ Պարոն Պէտիի միջոցաւ։ Ամերիկեան աղջկանց գոլէճէն շրջանաւարտ եղած էր եւ անգլերէն կը դասաւանդեր մեր դպրոցներու մէջ։ Հասցուց անհամար աշակերտներ։ Լաւ գիտեմ թէ որքա՜ն սիրուած էր եւ կը յարգուէր իր աշակերտներուն կողմէ։

Իսկ Պէտի Զիվէրը մեր սերունդին համար առասպելական անուն էր ուսուցչական ոլորտի մէջ։ Մեր լիսէներու մէջ անգլերէնի ուսուցիչ էր։ Մխիթարեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտ էի եւ յաճախ կը լսէի մեր մեծ «աղբարիկ»ներէն թէ որքա՜ն հաճելի կ’անցնէին Պէտի Զիվէրի դասերը եւ անոնք թէ՛ կը սորվէին, թէ կը զուարճանային։ Մենք ալ անհամբերութեամբ կը սպասէինք որ լիսէ անցնինք ու վայելենք Պէտի Զիվէրին աշակերտելու պատիւը։ Բայց բախտը այնպէս բերաւ որ միջնակարգէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք շահիմ Ամերիկեան Ռոպէրթ Գոլէճի մտից քննութիւնները եւ բաժնուիմ Մխիթարեանէն։ Շատ լաւ կը յիշեմ որ սիրելի Մխիթարեանէ բաժնուելու յուզումի կողքին, Պարոն Պէտիի աշակերտը ըլլալու առիթն ալ կորսնցուցած ըլլալու հիասթափութիւնը ապրած էի։

Թէեւ իր անգլերէն դասերուն չկրցայ հետեւիլ, բայց տարիներ յետոյ Պօղազիչի համալսարանի Ճարտարագիտութեան ֆաքիւլթէի մէջ մեր ուղիները խաչաձեւուեցան եւ կրնամ ըսել թէ այս խաչաձեւումը իմ ապագայի ձեւաւորման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ։ Առաջին դասարանի աշակերտներուն տարրաբանութեան դաս կու տար։ Դասարանի հարիւրէ աւելի աշակերտներէն մէկն ալ ես էի։ Ամէն շաբաթ քննութիւն մը կ’ընէր։ Ամէն մէկը 100ի վրայ 25 կէտ արժող չորս հարցում կը հարցնէր։ Հետեւեալ օր թուղթերը ետ կը բաժնէր ու հարցումները գրատախտակի վրայ կը լուծէր։ Առաջին շաբաթը անցաւ, առաջին քննութիւնը եղանք։ Յատուկ ջանք թափած էի, լաւ պատրաստուած էի… Ի վերջոյ առասպելական ուսուցիչ Զիվէրին առաջին անգամ թուղթ պիտի յանձնէի։ Շատ լաւ անցաւ քննութիւնը, չորս հարցումին ալ պատասխանեցի։ Հետեւեալ օր Պարոն Զիվէր երբ թուղթերը բաժնեց զարմանքով տեսայ որ 75 առած եմ։ Երեք պատասխանը ճիշդ, մէկը սխալ նկատուած էր։ Շուարած էի, իմ կարծիքով ճիշդ էր խնդրին լուծումը, բայց կ’երեւի թէ սխալած էի։ Զայրացայ ինքզինքիս։ Պարոն Զիվէր սկսաւ հարցումներուն լուծումները գրատախտակին վրայ գրել։ Զարմանքով տեսայ թէ իմ պատասխանը ճիշդ էր, բայց խնդիրն այն էր որ լուծումին վերջին մասը թուղթին ետեւի երեսը գրած էի։ Պարոն Զիվէրն ալ չէր անդրադարձած որ թուղթին ետեւի երեսն ալ գործածած էի։ Դասէն վերջ գացի եւ իրեն կացութիւնը պարզեցի։ Զիս չէր ճանչնար, իրեն համար դասարանի 100 աշակերտէն մէկն էի միայն։ Քանի մը երկվայրկեան աչքերուս մէջ նայելէ յետոյ տետրակը բացաւ ու 75ը ջնջելով 100ի բարձրացուց։

Յայտնի էր որ չէր հաւատացած ինծի, բայց այնքան ազնիւ մարդ էր որ չէր ուզած այդքան հոգիի առջեւ ստախօսութեամբ ամբաստանել զիս։ Շատ նեղուեցայ, շատ ալ ամչցայ, երանի՜ ձայնս չի հանէի, 75ով գոհանայի։ Այս դէպքը ինծի համար մղիչ ոյժ մը եղաւ, պէտք է փաստէի Պարոն Զիվէրին որ սուտ չէի խօսած։ Շատ աշխատեցայ, յաջորդող բոլոր քննութիւններէն 100 առի։ Վերջին քննութենէն ետք գացի, ինքզինքս ծանօթացուցի, այդ դէպքը յիշեցուցի, միասին խնդացինք։

Պարոն Զիվէրին այդ դասը պատճառ դարձաւ որ ես տարրաբանութեան սիրահարիմ ու ճարտարագիտական ֆաքիւլթէին մէջ տարրաբանական ճիւղը ընտրեմ։ Տարիները սահեցան գացին, անէն անգամ որ զիրար հանդիպէինք, կ’ողջագուրուէինք ու ան կ’ըսէր. «Ա՜աա, լաւագոյն աշակերտս»։

Վստահ եմ որ Մէրի եւ Պէտի Զիվէրը ինծի նման հազարներով աշակերտներու յիշողութեան մէջ իրենց թողած տաքուկ յիշատակներով կը շարունակէն ապրիլ։

Խունկ եւ աղօթք իրենց բարի հոգիներուն։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/100724lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın