İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի դիւանը Դիմատետր-ի վրայ կը հաղորդէ որ երէկ, 8 Յուլիսի յետմիջօրէին, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ այցելեց Կաթողիկէ առաջնորդարան։ Իրեն կ’ընկերանար նաեւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ճան Աքսոյ։

Հիւրերը ընդունուեցան Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ, Առաջնորդարանի աւագ դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին Գերյ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, եկեղեցական ամբողջ դասը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներն ու ատենապետը՝ Ենալ Սուճի, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պր. Պեռնար Սարըպայ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտին մէջ, կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/090724lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın