Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներէն Ժպիտ Համբարեան իրաւունք շահած է՝ Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցը յաճախելու։ Ան յաջողութիւն արձանագրած է երկու փուլէ բաղկացեալ մուտքի քննութեան մէջ եւ այսպէսով յառաջիկայ տարիէն սկսեալ երաժշտանոցի լիսէի բաժինը յաճախել պիտի սկսի ամբողջական դասաժամերով։ Ժպիտ Համբարեանի այս նուաճումը մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն առթած է Թոփգաբուի ընտանիքին։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ժպիտ Համբարեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։
İlk yorum yapan siz olun