İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՐԵՏԷԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Յունաստանի Կրետէ Կղզին, 23 Յունիս 2024, Կիրակի առաւօտ Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյ Ս. Յովհաննէս Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ:

Ինչպէս ծանօթ է, Յունաստանի մեր եկեղեցիները կը հետեւին հին տոմարի, որու համաձայն 23 Յունիս, Կիրակին տօն էր Ս. Հոգւոյ Գալստեան:

Պատրիարքական անդրանիկ այցելութեան առթիւ, առատօտուն կատարուեցաւ Հրաշափառի հանդիսութիւն եւ Նորին Ամենապատուութիւնը պաշտօնապէս մուտք գործեց եկեղեցի:

Արարողութեանց մասնակցեցան Կրետէի Հայոց Հոգեւոր Տեսուչ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Կիլիկեան թեմի առաջնորդական տեղապահ Արժ. Տ. Պարետ Քհնյ. Խաչերեան եւ Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեան:

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ նկատի ունենալով օրուան տօնը՝ ծանրացաւ Հոգեգալուստի դէպքի եւ եկեղեցւոյ գաղափարին վրայ: Ըսաւ թէ «Դուք էք եկեղեցին» եւ գնահատեց Կրետէի մեր փոքրիկ համայնքն ու անոր եկեղեցւոյ հանդէպ կապուածութիւնը: Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց նաեւ Կրետէի Հոգեւոր Տեսուչ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոսը եւ Ծխական Խորհուրդը:

Ի յիշատակ պատրիարքական անդրանիկ սոյն այցելութեան՝ օրհնութեան գիրեր շնորհեց Բրշ. Ժիրայր Սրկ. Պաքըրճեանի, Յովսէփ Պաքըրճեանի եւ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Անտոնիս Պենարտիսին, Սանդի Աւետիսեանին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներու ծառայող Իմանուէլ Մելիարակիսին:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Կրետէի Յունաց Բարձր. Տ. Եւկինէոս Բ. Արքեպիսկոպոսը: Ընդունելութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը գեղեցիկ ձեռաց խաչ մը նուիրեց Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս.ին:

Նորին Ամենապատուութիւնը վաղը կը վերադառնայ քաղաքս:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın