Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի որդին էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմի վերջին ներկայացուցիչը, որ 387 թուականէն սկսեալ 52 տարի եղած է Հայոց հայրապետական աթոռի գահակալը: Ըլլալով կրթուած եւ հմուտ երաժշտական, հռետորական արուեստներու, իմաստասիրութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ, Սահակ Պարթեւ մեծ նպաստ բերած է հայ ազգային մշակոյթի զարգացման, եղած է հայոց գիրերու ստեղծման ջատագովը:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է 360 թուականին, մանկութենէն սորված է յունարէն եւ պարսկերէն: Սկիզբը պաշտօնավարած է արքունիքին մէջ որպէս արքունի գրագիր: Սակայն յետոյ հրաժարելով աշխարհիկ կեանքէն, դարձած է հոգեւորական` ապրելով խիստ ճգնութեամբ: Քարոզչութեան ընթացքին Ս. Մեսրոպ կը զգայ հայ տառերու եւ հայագիր Աստուածաշունչ ունենալու կարեւորութիւնը:
Հայաստանի մէջ կային հայկական նշանագրեր, որոնք ժամանակին կը գործածէին քուրմերը: Այդ նշանագրերը Մեսրոպը, կարճ ժամանակ ուսուցանելով իր աշակերտներուն, կը նկատէ ատոնց անկատար ըլլալը: Ան աշակերտներուն հետ կը մեկնի Եդեսիա, աստուածային զօրութեամբ կը ստեղծէ հայոց տառերը եւ Սամոսատի մէջ Հռոփանոս անունով յոյն գրչի մը հետ վերջնականապէս կը ձեւաւորէ զանոնք:
Տառերու գիւտէն ետք Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը կը սկսին Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ այնպէս կատարեալ կերպով կ՛ընեն զայն, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը դարեր յետոյ կը կոչուի «թարգմանութիւններու թագուհի»:
Մեսրոպ Մաշտոց վախճանած է Վաղարշապատ եւ թաղուած Օշական գիւղին մէջ: Ինչպէս կը վկայէ աւանդութիւնը, Ս. Մեսրոպի դին Օշական տեղափոխելու ամբողջ ճանապարհին անոր վրայ երկինքէն լուսէ սիւն իջած է եւ ուղեկցած զինք մինչեւ գերեզման: Անոր գերեզմանին վրայ յետագային կառուցուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին:
Տարուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակը կը տօնէ երկու անգամ: Թարգմանչաց տօնը կը նշուի Հոգեգալստեան տօնին չորրորդ կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը: Երկրորդ անգամ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու յիշատակը կը տօնէ Սուրբ Խաչի չորրորդ կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը:
Աղբիւր։: Pontifical Legation Western Europe
İlk yorum yapan siz olun