Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 13 Յունիս 2024, Հինգշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանն ու ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Այցելուներ, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ, Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին, թէ՝ եկեղեցւոյ աւանդական տարեկան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 7 Յուլիսին, Պայծառակերպութեան տաղաւարին։ Անոնք, Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին՝ տօնախմբութեան նախագահելու։ Այս շրջագիծով, անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւնները ըրաւ ու խոստացաւ նախագահել Վարդավառի տօնախմբութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն՝ իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun