İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐՋԻՆ ԱՆԳԱՄ…

Համբարձման տօնի առիթով Հիւանդանոց հրաւիրուած էինք եւ ես մտքիս մէջ վայրկեանները կը հաշուէի որպէսզի արարողութիւնները վերջանան ու կարենայի հանգիստ սրտով այցելել Պր. Գամպուրեանին։ Գիտէի որ երկու շաբաթէ ի վեր դարմանումի տակ էր «Փիլօ Աթան» յարկաբաժնին մէջ։

Հանդիսութիւնները վերջացան, հարցուցի թէ ո՞ր սենեակի մէջ կը դարմանուէր Պր. Գամպուրեանը եւ ներս մտայ։

Կը քնանար…։ Հանգիստ էր շնչառութիւնը…։ Նստայ բազկաթոռին ու սպասեցի որ արթննայ։ Քիչ վերջ ձայնեցի, քանիցս «Պր. Գամպուրեան, Պր. Արամ, ես եկայ ըսի». թէեւ խորունկ էր քունը, բայց քիչ մըն ալ անգիտակից թուեցաւ իր վիճակը։ Բոյժ քոյրն ալ ներս մտաւ ու ձայնեց։ Յետոյ հիւանդապահը…։ Մէկ կողմէ կը փորձէին արթնցնել, միւս կողմէ կ’ըսէին որ առտուները քիչ մը թոյլ կ’ըլլար, բայց կէսօրէ ետք անպայման կ’ելլէր, կը նստէր, Մարմարա կը կարդար։

Ի վերջոյ բացաւ աչքերը։ Չճանչցաւ զիս։

Դարձեալ սպասեցի։ Կամաց-կամաց միտքն ալ արթնցաւ եւ… միայն Պր. Ռոպէրի մասին հարցուց։ «Ռոպէրը ինչպէ՞ս է», «Ռոպէրը ի՞նչ կ’ընէ», «Առողջութիւնը լա՞ւ է»։ Անընդհատ ասոնք կը հարցնէր։ Իմ ներկայութիւնը միայն ընկեր ու բարեկամ «Ռոպէր»ով պայմանաւորուած էր։

Դժուարութեամբ քանի մը դգալ ապուր խմեց, չմոռնալով շնորհակալութիւն յայտնել։

Զրոյցին մէջ «ես» չկայի, Պր. Ռոպէրի մասին տեղեկութիւն յայտնող «խաբրիկ»ն էի, թանկագին ընկերոջմէ թանկագին ընկերոջ լուր բերողը…։

Քիչ մը եւս նստայ։ Այլեւս չէր խօսեր։

Օրը Հինգշաբթի էր, խոստացայ Շաբաթ օր եւս այցելել։

Դուրս ելած պահուս «երիտասարդ պարոնին ալ բարեւէ» ըսաւ (հասկցայ որ որդւոյս ուղղուած էր խօսքը)։

Ասոնք իր վերջին բառերն էին։

Տարտամ քայլերով բաժնուեցայ հիւանդանոցէն ու… փղձկեցայ։ Մարդ կը փնտռէի խօսելու համար, մէկուն պէտք ունէի զգացումներս բաժնելու համար։ Արագ արագ զանգեցի Պր. Արիին, յետոյ ուրիշներու։

Շաբաթ առտու իմացայ որ խտացեալ դարմանումի տակ առնուած էր։ Յետոյ… անյոյս սպասում, յետոյ… ՎԵՐՋԱԿԷՏ։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/110624lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın