İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մարմարա-ի ընտանիքը կորսնցուց իր երկարամեայ եւ հաւատաւոր աշխատակիցը ՄԱՀ՝ ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻ

Սուգ է Մարմարա-ի ընտանիքին համար։ Կորսնցուցինք թերթիս ամէնէն հաւատարիմ եւ ամէնէն երկարամեայ աշխատակից Արամ Գամպուրեանը, որուն կեանքը եւ գործունէութիւնը դա՛ս եւ ուսուցանելի օրինակ էր հայ ինքնութեան տէր բոլորի համար։

Ցաւալիօրէն անփոխարինելի տերեւ մը եւս վար ինկաւ Մարմարա-ի այն կենարար ծառէն, որու աւիշով տարիներ շարունակ կը սնանէին թէ՛ բազմահարիւր ընթերցողները, թէ՛ անոնք որոնք իրենց կեանքի նպատակը դարձուցած էին հայ գրին ու հայ գրականութեան, հայ մամուլին ու հայ թերթին ծառայելու վսեմ պարտականութիւնը։

Ուսուցիչ, համայնքային գործիչ, բարերար, գրագէտ, պրպտող, թարգմանիչ, գիրքերու հրատարակիչ, խմբագիր. ասոնք բոլոր այն յատկանիշներն էին որոնք միանալով կերտած էին Արամ Գամպուրեանի մարդկային կերպարը եւ զայն դարձուցած թանկագին անուն՝ մամուլի աշխարհի, կրթական եւ համայնքային կեանքի համար։

Ասոնց վրայ կը գումարուէր նաեւ ամենաթանկագինը։ Ան նաեւ… «դասընկեր էր»։ Արժէքաւոր այդ հանգամանքը կը պահէր մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի համար, որուն հետ անխախտ ընկերութիւնը ծնունդ առած էր Մխիթարեանի մէջ ուսանելու տարիներէն եւ յետոյ, աւելի քան 80 տարի շարունակ սրբազան մասունքի վերածուած՝ երկուքի համար։

ԻՄԱՍՏՈՒՆ էր։ Անբաւ էին իր գիտելիքները, բայց դեռ կը սորվէր, կը պրպտէր, մինչեւ վերջերս դեռ կը շարունակէր թարգմանութիւններ ընել, խիստ հետաքրքրական եւ ուշագրաւ յօդուածներով պահել թերթի աշխատակից-ընթերցող երկարամեայ կապը։

ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒ էր։ Որեւէ առիթով, որեւէ նիւթի շուրջ անպայման ի՛ր ըսելիք խօսքը, իր գիտելիքը ունէր եւ զայն սիրայօժար կը բաժնէր, առանց որեւէ մեծամտութեան, առանց նորօրեայ այն վտանգաւոր «ախտ»ին որ կը կոչուի եսակեդրոնութիւն կամ անձնասիրութիւն։

ԲԱՐԵԿԱՄ էր։ Հաւատարիմ էր բարեկամութեան մէջ։ Իր պատկառելի տարիքի տակ ամբարուած էր ուղղամիտ մարդու այնքա՛ն փնտռուած ու հազուադէպ տեսակը, զինքը անփոխարինելի դարձնելով ընկերային յարաբերութիւններու մէջ։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ էր։ Էսաեան վարժարանի մէջ երկրաչափութիւն դասաւանդելու շրջանը «կրթական մշակ»ի տիտղոսը դրած էր իր ուսերուն վրայ, իսկ յաջորդող տարիները, երբ արդէն այդ հանգամանքը չունէր, այլեւս կամաւորաբար «գիտելիքի ուսուցիչ» էր շա՜տ շատերու համար։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՍԷՐ էր։ Հաւատարիմ էր այն համայնքին որու անդամն էր եւ ա՛յդ է պատճառը որ մինչեւ վերջ վճարած էր իր տուրքը, իր պարտքը՝ հանդէպ իր ժողովուրդին։

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ էր։ Հիանալիօրէն կը տիրապետէր գերմաներէնին ու գերմանական թերթերէ եւ հանդէսներէ իր թարգմանութիւնները ընթերցողներու սեփականութիւնը դարձած էին, մկրտուած՝ «հայկական հետքեր»ով։

ՎԱՐԻՉ էր։ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան մէջ «Ատենադպիր»ի իր պաշտօնը կը վարէր անմնացորդ պատասխանատուութեամբ եւ շուրջիններու նկատմամբ ընդգծուած յարգանքով՝ տիպար մարդու փառապսակը դնելով իր գլխուն վրայ։

ԲԱՐԵՐԱՐ էր։ Տարիներ առաջ արդիական սարքերով օժտուած լողաւազանի մը շինութեան ծախսը ստանձնած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն ներս, օգնելու համար հաշմանդամ տղոց դարմանումին։ Աւելի՛ն, իր անշարժ կալուածները նուիրած էր Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկին, Կեդրոնական եւ Մէրամէթճեան վարժարաններուն, Ս. Խաչ Դպրեվանքին, այդպէս իր ունեցածը բաժնելով ի՛ր ժողովուրդին հետ։

Եւ ի վերջոյ… ՄԱՐԴ էր։ Անփոխարինելի մարդու այն տեսակն էր, որմէ երբեք չէիր ձանձրանար, որմէ մի՛շտ բան մը կը սորվէիր, որու նկարագրէն «պոռթկացող» ճշդապահութիւնը ակամայ բան մը կը փոխէր դիմացինի բնաւորութեան մէջ։

***

Դեռ հազիւ մէկուկէս ամիս առաջ Պր. Գամպուրեան իր վերջին գրութիւնը ղրկած էր թերթին, անձամբ կատարելով սրբագրութիւնները։ Յետոյ անակնկալ կերպով հիւանդացած ու տեղափոխուած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց, առնուելով դարմանումի տակ։

Դժբախտաբար արագ զարգացումով մը գլուխ բարձրացուցած էր ներքին գործարաններու անբաւարարութիւնը, ստիպելով որ բժիշկները զինքը առնէին խտացեալ դարմանումի տակ։

Յաջորդող օրերը դրական գնացքով բան մը չէին փոխած, մօտեցնելով վերջակէտը եւ երէկ առտու ի վերջոյ դադրեցնելով սրտի բաբախիւնը։

***

Մեծ է մեր վիշտը, որբ մնացին Արամ Գամպուրեանի սիւնակները, ցաւալիօրէն էջ մը փակուեցաւ իր մահով, կորսնցուցինք «Մարմարա-ի աշխատակից» վերջին մոհիկաններէն մէկը, որոնց համար հայ թերթին ծառայութիւնը կեանքի արժէքաւոր նպատակ ու իմաստ էր։ Ցաւ ի սիրտ կը մխիթարուինք որ բախտն ունեցած ենք ճանչնալու իր «մարդու պէս մարդ» տեսակը։

Անկեղծ զգացումներով կը բաժնենք իր ընտանեկան մերձաւորներու, նաեւ Ուսուցչաց Հիմնարկի ընտանիքի վիշտը։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/110624lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın