İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ / ŞİŞLİ BELEDİYE BAŞKANININ PATRİKHANE ZİYARETİ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Յունիս 2024, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին ընդունեց Շիշլիի նորընտիր քաղաքապետ Րէսուլ Էմրահ Շահանի այցելութիւնը։ 

Մեծայարգ Քաղաքապետին կ՚ընկերանար Շիշլիի Քաղաքապետական Ժողովի անդամներէն Թալին Էրկիւնէշ Կազեր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ խնամակալութեան անդամ Արեգ Ֆերահեան, Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէր, Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Հերման Քաւաֆեան եւ Քաղաքապետութեան շրջանակի ծանօթ դէմքերէն Սայաթ Սար։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց մեծայարգ հիւրին, շնորհաւորեց իր նոր պաշտօնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեան մէջ։ Քաղաքապետ Րէսուլ Էմրահ Շահան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր բարի մաղթանքներուն զորս կ՚ընկալէր որպէս զօրութիւն, Ստանպուլի այս կարեւոր գաւառակի անխտիր բոլոր բնակիչներուն ի նպաստ ծրագրած աշխատանքներուն համար։ 

Ի յիշատակ այս այցելութեան Քաղաքապետ Շահան գեղազարդեալ ապակեայ ծաղկաման մը նուիրեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը նուիրեց Արսէն Եարմանի հեղինակած Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի պատմութեան նուիրուած «Osmanlı sağlık hizmetinde Ermeniler ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi» գիրքէն, նաեւ նոր լոյս տեսած Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը՝ Հին եւ Նոր» գիրքէն օրինակներ։

Մեծայարգ Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Նորին Ամենապատուութենէն։

***

Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, 7 Haziran 2024, Cuma, saat 13.00’de, Şişli Belediye Başkanı Resul Emrah Şahan’ı kabul etti.

Sayın Belediye Başkanına Şişli Belediye Meclisi üyelerinden Talin Ergüneş Gazer de eşlik etti. Görüşmede, Patrik Vekili Kd. Peder Krikor Damadyan, Karagözyan Vakfı Yönetim Kurulu Başkanı Dikran Gülmezgil, Vakıf üyesi Arek Ferahyan, Feriköy Vakfı Yönetim Kurulu Başkanı Manuk Öğer, PSYK Başkanı Herman Kavafyan ve Belediye çevresinde tanınan simalardan Sayat Sar hazır bulundu.

Konuğunu karşılayan Patrik Hazretleri, kendisini yeni görevinden dolayı kutladı ve çalışmalarında başarılar diledi. Belediye Başkanı Resul Emrah Şahan, İstanbul’un bu önemli ilçesinin tüm sakinlerinin yararına planlanan çalışmalarda, güç olarak gördüğü tüm iyi dilekler için teşekkür etti.

Bu ziyaretin anısına Belediye Başkanı Şahan, Patrik Hazretleri’ne bir cam vazo hediye etti. Patrik Hazretleri ise Arsen Yarman’ın kaleme aldığı S. Pırgiç Ermeni Hastanesi’nin tarihini anlatan “Osmanlı Sağlık Hizmetinde Ermeniler ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi” adlı kitabı ve Levon Laçikyan’ın “Bolis Hin Yev Nor” kitabını konuğuna hediye etti.  

Sayın Belediye Başkanı sıcak karşılamadan dolayı teşekkürlerini sunarak Patrikhane’den ayrıldı.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

Kaynak։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın