29 Մայիս 2024 Չորեքշաբթի համայնքային մեր վարժարաններու աշակերտներու մեծաթիւ խումբ մը Աթագիւղի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ մասնակցեցաւ Գալֆաեան վարժարանի աւանդական մարզական փառատօնին։ Ինչպէս ծանօթ է այդ մրցաշարքը ձօնուած է Վարսեն Օրունճաքճըէլի յիշատակին ու աւանդական բնոյթ ստացած է։ Այս տարուանը ԺԷրդն էր։
Մասնակցեցան Հրանդ Տինք վարժարանն ալ միասին 13 ազգային վարժարաններէն 350 աշակերտներ, նաեւ ուսուցիչներ։ Մրցումին ներկայ էին Գալֆաեանի տնօրէնուհի Օր. Թամար Ներկիս ու Ողբ. Վարսէն Օրունճաքճիէլի դուստրը՝ Տիկին Մարգրիտ Աթմաճա։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուած մրցաշարքի աւարտին օրուան ի յիշատակ, նախ Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի նուիրուեցաւ յուշատախտակ մը, ապա աշակերտները պարգեւատրուեցան մետայլներով, իսկ մասնակից բոլոր սաները՝ դպրոցի անունով ստացան յուշատախտակներ։
Աւանդական ու հաճելի այս մրցաշարքը իրականացաւ վարժարանի վաղեմի բարերարուհի Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի զօրակցութեամբ։ Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ ան ստանձնեց օրուայ բոլոր ծախսերը։
Գալֆաեան վարժարանի կողմէ տարիներէ ի վեր կատարուած այս մրցումին նպատակն է տղոց մէջ մարմնամարզի հանդէպ սէրը արթնցնել ու զանոնք այս ուղղութեամբ քաջալերել։
Այս հաճելի եւ նոյնքան յոգնեցուցիչ հանդիպումի աւարտին տղոց դէմքերուն վրայ կարելի էր նշմարել իրենց ստացած շքանշաններուն ուրախութիւնը։
Գալֆաեան տան ընտանիքը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մասնակից բոլոր վարժարաներու տնօրէնութիւններուն, քանի որ այս առիթով ալ մեր սաները իրարու հետ մէկտեղուելու առիթն ու երջանկութիւնը ունեցան։ Նաեւ երախտագիտութիւն՝ Ազգ. Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ու բժշկապետութեան որոնք առողջապահական որեւէ միջամտութեան համար ղրկած էին իրենց բժշկական պատասխանատուները։
İlk yorum yapan siz olun