İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Եթէ կայ ոլորտ մը, ուր ատրպէյճանցիները անմրցելի են, այդ մէկը անկասկած հայատեացութեան մէջ «ստեղծարարութիւն»ն է։
Այսպէս, կը տեղեկանանք թէ ատրպէյճանցի զինուորներու բազկանշանին վրայ գրուած է՝ «Մի՛ փախչիր հայ. (թէ ոչ՝) պիտի մեռնիս ուժասպառ»: Այլ խօսքով՝ հայը երբ հանդիպի ատրպէյճանցիին, պէտք է անմիջապէս անոր մատուցէ վիզը, եթէ չուզեր նոյն ճակատագրին արժանանալ՝ մորթուիլ, ի զուր յոգնելէ ետք։
Բազկանշանի կեդրոնն ալ տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճարտարապետերէն՝ Էնվեր փաշայի նկարը։
Ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական ղեկավարութեան գիտակցութեան մէջ՝ 1915ի Ցեղասպանութեան եւ այսօրուան միջեւ պատմական լուրջ շարունակականութիւն կայ։
https://asbarez.am


Batı Ermenistan Ve Batı Ermenileri Sorunları Araştırma Merkezi

Yorumlar kapatıldı.