Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան, Մարզանքի ու Մշակոյթի Նախարար Ժաննա Անդրէասեան հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյի հետ։
Երկու Նախարարներու այս հանդիպումը կայացաւ Աշխապատի մէջ, Մշակոյթի Նախարարներու միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս։
Երկկողմանի յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման լոյսին տակ, քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր։ Նախարարները ընդգծեցին մշակութային համագործակցութեան օգտակարութիւնը, նաեւ գաղափարներ փոխանակեցին Անիի պատմական կամուրջը վերականգնելու վերաբերեալ։
İlk yorum yapan siz olun