Քանի մը տարիէ ի վեր պարբերաբար թերթիս սիւնակներուն մէջ արձագանգ կը հանդիսանանք խոստմնալից դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի յաջողութիւններուն։ Ուրախութեամբ կը հաղորդենք պատուաբեր նոր լուր մը եւս։ Պարէտ երրորդ տեղը գրաւեց դաշնակի միջազգային մրցումի մը մէջ, հանդէս գալով 14-17 տարեկան դասաւորման մասնակիցներու միջեւ։
Միջազգային մրցումը, որ ձօնուած է Կիւլսին Օնայի անուան, կազմակերպուեցաւ Արաս Տէնիզ Սիպահի դաշնակի ակադեմիոյ կողմէ, Իզմիրի մէջ, 11-12 Մայիսին։ Պարէտ յաջողութեամբ յաղթահարելով մրցումի առաջին հանգրուանը, իրաւունք շահեցաւ հանդէս գալու երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլին։ Մօրը հետ միասին Շաբաթ օր մեկնեցաւ Իզմիր եւ Կիրակի մրցեցաւ, դատակազմի որոշումով արժանի նկատուելով երրորդ մրցանակին։
Հպարտ էին թէ՛ ինք, թէ՛ ծնողքն ու հարազատները, թէ՛ ուսուցիչը՝ Փրօֆ. Պուրճու Ուրկուն, որ Պարէտը պատրաստած էր այս մրցումին։
Մենք ալ կը խնդակցինք մեր սիրելի Պարէտին, ծնողներուն՝ սիրուած երգչուհի, Լուսաւորիչ երգչախումբի մենակատարուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուին, հօրը՝ Կարպիսին եւ ընտանեկան բոլոր մերձաւորներուն։ Կը մաղթենք որ օղակ առ օղակ հիւսուի յաջողութիւններու շղթան եւ դափնեպսակ դառնայ Պարէտի կուրծքին։
İlk yorum yapan siz olun