İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ ԿԸ ՍԱՐՔԷ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Յայտնի երաժիշտ Արա Տինքճեան քաղաքս ժամանած է երկու անջատ ձեռնարկներու առիթով։ Առաջինը վաղուայ՝ 15 Մայիսի համերգն է, Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ համերգասրահին մէջ։ Այստեղ Արա Տինքճեան բեմը պիտի բաժնէ ճազի երգչուհի Շենայ Լամպաօղլուի հետ եւ սազով ճազ պիտի նուագէ։ Երկուքը միասին պիտի ներկայացնեն իրենց յօրինումները, նաեւ այլ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ, որոնց կարգին է նաեւ Կոմիտաս Վարդապետը։

Գալով 17 եւ 18 Մայիսին, ըստ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի տեղեկատուութեան, Արա Տինքճեան հանդէս պիտի գայ հիմնարկի կեդրոնատեղիի հաւաքասրահին մէջ, իսկ յաջորդ օր մասնակցութիւն պիտի բերէ «Արաս» հրատարակչատան «Զապէլ Եսայեան» կեդրոնին մէջ սարքուած ձեռնարկին։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/140524lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın