Համայնքին համար օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկը Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ընտրութեան հարցն է։ Ժողովուրդը անհամբեր է գիտնալու թէ իշխանութիւնները ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններով պիտի հրապարակեն ընտրական կանոնագրութիւնը՝ հիւանդանոց ունեցող փոքրամասնական վագըֆներու համար։ Ինչպէս գրած էինք արդէն, հայ, յոյն, հրեայ համայնքները իրենց հիւանդանոց-վագըֆներն ունին, բայց չէին կրցած ընտրութիւն կազմակերպել, որովհետեւ Յունիս 2022ի կանոնադրութեամբ այդ հաստատութիւնները դուրս մնացած էին ընդհանուր ընտրութիւններէն։ Կանոնադրութեան մէջ որպէս թուական նշուած էր ընտրութիւնը կատարել մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2023 թուականը, բայց… ընտրութիւններ տեղի չունեցան։ Այս ուղղութեամբ ընտրական կանոնագրութիւնը չէ հրապարակուած, բայց այսպէս կամ այնպէս ընտրական գործընթաց մը կայ ու կը տարուի տարբեր խումբերու մակարդակով։
Մեր համայնքէն ներս կամաց-կամաց պատկերը կը յստականայ։ Ծանօթ էինք, գիտէինք որ թեկնածուներ կան, կան համայնքային գործիչներ որոնք խումբեր կը ձեւաւորեն Հոգաբարձութեան ղեկը ստանձնելու եւ ծառայելու համար։ Անոնցմէ մէկը Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան նախկին ատենապետ, Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մէջ փոքրամասնական համայնքներու նախկին ներկայացուցիչ, Փրօֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճանն է որ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս հաստատեց որպէս Ատենապետի իր թեկնածութիւնը եւ ծանօթացուց իր խումբի անդամները, որոնք պատրաստ են իրեն հետ քալելու եւ աշխատելու ազգային տան վագըֆի բարգաւաճման ի նպաստ։
Այո՛, հիւանդանոցներու համար ընտրական կանոնագրութիւնը չէ հրապարակուած, բայց լաւատեսութեամբ կը յուսանք որ փոքրամասնութեանց ձայները եւ քննարկումները, պահանջներն ու առաջարկները ի վերջոյ կը ձեւաւորեն կանոնագրութեան փաստաթուղթը եւ ընտրութեան իրաւունքի ճամբայ կը բանան նաեւ փոքրամասնական հիւանդանոցներու համար, ուր վերջին ընտրութիւնները կայացած են 2009 թուականին։
Երէկուան ասուլիսը ծանօթագրական բնոյթով էր։ Փրօֆ. Թորոս Ալճան հանգամանալից կերպով պատմեց թէ ե՞րբ սկսաւ աշխատիլ եւ ինչպէ՞ս գրեթէ երկու տարուայ այս ժամանակամիջոցին ընտրեց թեկնածուներու այն «կորիզ»ը, որ ցանկով պիտի ներկայանար ընտրութիւններուն։
Խօսակցութիւնը յայտնի կը դարձնէր որ Թորոս Ալճան շատ լաւ պատրաստուած էր, լաւագոյնս արժեւորած էր այս երկու տարիներու ամէն մէկ օրն ու ժամը, ուսումնասիրած էր այն ամէնը, որ կրնայ որպէս փաստաթուղթ, որպէս օրինակ, որպէս ուղեցոյց օգնական ըլլալ իրենց։ Ասուլիսը ծանօթացման բնոյթ ունէր, հետեւաբար Ատենապետի թեկնածուն չխօսեցաւ ծրագիրներու մասին, ըսաւ որ այդ ծրագիրները կան եւ անոնց մասին հարկաւ թէ շատ պիտի խօսին, բայց ոչ այսօր։
Հանդիպման սկիզբը Թորոս Ալճան ներկայացուց 2022ի ընտրական կանոնագրութեան այն հատուածը, ուր խօսքը կը վերաբերէր հիւանդանոց ունեցող վագըֆներու ընտրութեան իրաւունքին։ Կանոնագրութեան համաձայն, փոքրամասնական վագըֆները, բացառութեամբ հիւանդանոցներով վագըֆներուն, իրենց ընտրութիւնը կատարեցին եւ պաշտօնի բերին նոր վարիչները։
«Կանոնագրութեան երրորդ բաժնի «տարբեր եւ եզրափակիչ որոշումներ» բաժնի մէջ «բացառութիւն» վերնագրի տակ 15րդ յօդուածը կ’ըսէր հետեւեալը. «Հիւանդանոց ունեցող վագըֆներու ընտրութեանց ընթացակարգերն ու սկզբունքները կը սահմանուին այս կանոնագրութեան ի զօրու դառնալէ մէկ տարուայ ընթացքին, Առողջապահութեան Նախարարութեան դրական եզրակացութեամբ կազմուած նոր կանոնագրութեամբ մը։ Հիւանդանոց ունեցող վագըֆներու ընտրութեան վերջնաժամկէտը 31 Դեկտեմբեր 2023 թուականն է»։
Ահաւասիկ այս յօդուածը նկատի առնելով, Թորոս Ալճան գործի ձեռնարկեց եւ որոշեց համախմբել հաւանական թեկնածուները։ Ինք եւ իր թիմակիցները աշխատանքը այնպէս մը կանոնակարգեցին որ համայնքը չտուժէ ատկէ, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները վնաս չկրեն, իրենք նաեւ լրջութեամբ հետամուտ եղան պետական արարողակարգին։
Ինչպէս Ալճան շեշտեց իր խօսքերուն մէջ, նախապէս որոշած էին 31 Դեկտեմբեր 2023ին ներկայանալ համայնքին, բայց քանի որ երկրին մէջ տեղական մարմիններու ընտրութիւններ պիտի կատարուէին, յետաձգեցին թուականը, սպասեցին որ անցնին նաեւ ընտրութիւններով պայմանաւորուած յետընտրական զարգացումները եւ ահաւասիկ օրը հասաւ։
«Որոշեցինք յայտարարել մեր թեկնածութիւնը եւ շփումներ ունենալ համապատասխան հաստատութիւններու եւ մարմիններու հետ, խնդրելով որ թափ տրուի կանոնագրութեան պատրաստութեան եւ օրինական պայմանները ստեղծուին ընտրութիւնը կազմակերպելու համար։ Համայնքը անհամբերութեամբ կը սպասէ այդ ընտրութիւններուն, ասիկա համընդհանուր պահանջ մըն է, կերպով մը հրամայական մը, որովհետեւ 15 տարիէ ի վեր փոփոխութիւն չէ եղած։ Լճացում մը խնդրոյ առարկայ է։ Մինչ գիտութիւնն ու վարչական ղեկավարման փորձառութիւնները մրցավազքի մէջ են եւ ամէն ինչ արագօրէն կը զարգանայ, մենք իրաւունք չունինք տեղքայլի մէջ մնալու, շարժուելու «հին կանոն»ներով, որոնք ակամայ արժեզրկուած են եւ խորթ կը մնան նորօրեայ իրականութեանց», ըսաւ Թորոս Ալճան։
«Մեր հիւանդանոցը»։ Ա՛յս է Թորոս Ալճանի ու իր խումբի կարգախօսը։ Այո՛ 200 տարուայ հարուստ տարեգրութիւն մը կայ հիւանդանոցի պատմական գնացքին վրայ եւ հիմա, երբ խօսքը միայն հիւանդանոցի մասին չէ, այլ վագըֆի՝ իր յարակից օղակներով, անգիր նոր «օրէնք»ներ կան այդ բոլորը կառավարելու համար։
Ատենապետի թեկնածուն ըսաւ որ հրապարակային ու թափանցիկ ձեւով աշխատած է։ Այս երկու տարուայ ընթացքին քանիցս հանդիպումներ ունեցած Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Պատրիարք Հօր հետ, տեղեակ պահած է զանոնք իր գործունէութենէն, դէմ առ դէմ հանդիպումներ ունեցած է որպէս թիմակից աշխատելու պատրաստ առնուազն 50 հոգիի հետ, որոշելու համար այս ցանկը եւ ճշդելու հիւանդանոց-վագըֆի առաջնահերթութիւնները։
Մամուլին տրուած բացատրութիւնները մանրամասն ու համապարփակ ձեւով կը ցոլացնէին ակնկալութիւնները, հետեւաբար գրեթէ հարցում չմնաց ուղղելու համար Ատենապետի թեկնածուին։ Մնացեալ բոլոր նախաձեռնութիւններու մասին համայնքը տեղեակ պիտի պահուէր երբ յստականար ընտրութեան թուականը եւ սկսէր քարոզարշաւը։
Հիմա կարեւորն այն է որ կանոնագրութիւնը օր առաջ պաշտօնական ոյժ ստանայ, արտօնելով ընտրութեանց կազմակերպումը։
Իսկ ովքե՞ր են ցանկի անդամները։ Գրեթէ բոլորը ծանօթ անուններ են եւ համայնքային իրենց գործունէութեամբ ճանչնալի՝ ժողովուրդին համար։ Կարեւոր է նաեւ այն որ կիներ ալ ընդգրկուած են թեկնածուներու ցանկին մէջ եւ պատրաստակամ են ծառայելու որպէս վարչային՝ ազգին տան համար։ Այդ անձերն են՝ Փրօֆ. Տօքթ. Յակոբ Չըթաք, Տոչ. Տօքթ. Ալիս Կոստանօղլու, Տոչ. Տօքթ. Ալբէն Եահեա-Կիւմիւշօղլու, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Արամ Գալէնտէրօղլու, Արեգ Ֆէրահեան, Արին Սոմէր, Տոչ. Տօքթ. Այտա Քէպապչը, փաստաբան Ազիզ Քափ, Չեթին Չաղլա, փաստաբան Էրսան-Արսէն Խուպեսէրեան, Յարութիւն Շէշէթեան, Ժպիտ Չեթինգայա, Ժիրայր Կարիպկիւն, Ժիւլիէթ Օքչու-Կոստանօղլու, Գամէր Թոքէր, Գաթիա Գայա, Տօքթ. Միրիճան Միրօղլու, Մուրատ Պէրպէրօղլու, Փրօֆ. Տօքթ. Մուրատ Ուղուրլուճան, Փոլ Ըրկաւ, Սարգիս Չիզմէճի, Թամար Թաշճըօղլու, Թոմաս Քոշուն եւ Վաղարշակ Պիւյիւքսիմքէշեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Թորոս Ալճանին ու իր խումբին։
İlk yorum yapan siz olun