Մեր սիրուած երգչուհի Սիպիլ Մարտին հրաւիրուեցաւ Աւստրալիա եւ հիւրընկալուեցաւ Սիտնիի ու Մելպուռնի հայաշատ համայնքներուն կողմէ։ Համերգներ սարքուեցան, Սիպիլ առիթն ունեցաւ այցելելու հայկական հաստատութիւններ ու կեդրոններ, շփումներ ունենալու աւստրալահայերու հետ, տեսնելու եւ արձանագրելու թէ համայնքային ինչպիսի՞ կեանքով կ’ապրին աւստրալահայերը ու կը փորձեն պահել իրենց ինքնութիւնը՝ այդ հեռաւոր ափերուն վրայ։ Ստորեւ, կը ներկայացնենք այն լրատուութիւնները, որոնք մեզի տրամադրուեցան ՀԲԸՄի վարչութենէն եւ որոնք կը պատմեն Սիպիլի այցելութեան եւ համերգներու մասին։
***
Սիպիլ, ՀԲԸՄի հրաւէրով երգահանդէս սարքեց Սիտնիի մէջ։ Այսպէս Շաբաթ 23 Մարտ 2024ի երեկոյեան աւստրալահայ համայնքի բազմաթիւ ներկայ հանդիսականներ յափշտակուած մնացին Սիպիլի գեղեցիկ եւ հմայիչ ձայնի կատարողութեամբ երգերուն, որ հեզասահ դուրս կուգար այդ նրբակազմ մարմնի ձայնալարերէն դէպի ունկնդիրին տրոփիւն սիրտերը։
Երգացանկը, պատմութեան յետադարձ անիւով ունկնդիրները փոխադրեց «երանելի» ժամանակներ՝ «Բարի Արագիլ», «Տուն Իմ Հայրենի» եւ «Մեր լեզուն» երգերով, ինչպէս նման մանկութեան օրեր «Օրօր» երգերու ընդմէջէն։
Ստեղնաշարի վրայ, շատ մը երգերուն, իրեն կ’ընկերակցէր մեր համայնքի տաղանդաւոր եւ շնորհալի Զէլա Մարկոսեան, Սիպիլի հետ կազմելով կախարդական զոյգ մը։ Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀԲԸՄ.ի «Թամզարա» պարախումբը Թինա Նաթարեանի ղեկավարութեամբ, որոնք երեկոյին տուին մշակութային առումով, յիշատակելի տպաւորիչ եւ պատմական նշանակութիւն։
Սիպիլի այցելութիւնը միայն երգահանդէսներով կամ յիշարժան վայրեր տեսնելով չսահմանափակուեցաւ։ Սիպիլ առիթն ունեցաւ այցելելու Ս. Յարութիւն եկեղեցի, հանդիպելու եւ զրուցելու թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հետ եւ փոխանակելու գաղութային հարցերու մասին կարծիքներ։
Դպրոցը եւ կրթութիւնը Սիպիլի սրտին մօտիկ եղած է։ Ան ացյցելեց ՀԲԸՄ.ի «Ալեքսանտր» վարժարան, ներկայ գտնուեցաւ վարժարանի աւանդական «Գլխարկներու փառատօն» հանդէսին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան։ Սիպիլ կարողացաւ յատուկ եւ անմիջական ջերմ կապ ստեղծել վարժարաններու աշակերտներուն հետ։ Առիթ ունեցաւ նոյնիսկ անոնց հետ երգել եւ մօտէն ծանօթանալ։
Սիպիլ այցելեց նաեւ Սիտնիի Բարեկեցութեան գրասենեակ, ուր մեր մեծահասակները գրկաբաց ընդունեցին զինք եւ միասին երգեցին յիշելով հին օրեր։ Սիպիլ իր երգահանդէսով, այցելութիւններով եւ ներկայութեամբ եղաւ առիթ, որ երգի միջոցով, վերստին վերանորոգուինք մեր անցեալի յուշերով լիցքաւորուած։
***
Մելպուռնի համերգը սարքուեցաւ 7 Ապրիլին, «Dandenong» շրջանի «Dram Theater»ի շքեղ սրահին մէջ։ Հնչեցին հայկական ավանդական երգեր, ինչպիսիք են Բարի Արագիլ, Կիլիկիա, Գետաշէն, Ատանայի Ողբը եւ շատ ուրիշներ։ Սիպիլ իր հրապուրիչ ու գեղեցիկ ձայնով կախարդեց ներկաները։
Երգերէն քանի մը հատին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ակինեան ազգային վարժարանին պատանեկան երգչախումբը՝ տիկին Ռիթա Տանկուրեանի ղեկավարութեամբ, նաեւ «Ազատ Ղարիպեան» պարախումբը, ղեկավարութեամբ տիկին Հերմինէ Գույումճեանի։ Դաշնակով եւ ջութակով երգակցութիւն ունեցան տիկին Զառա Փափազեան եւ Լուսինէ Միրիպեան։
Սիպիլի համերգը յաջողութիւն ունեցաւ նաեւ լուսային յատուկ լոյսերու խաղերու շնորհիւ։ Այս գործը ստանձնած էր Արա Պողիկեանը։
Առիթէն օգտուելով, կը փափաքինք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել սիրելի Սիպիլին, որ Մելպուռն ժամանելով մեզ հրամցուց երազային այս համերգը։ Այս երեկոն պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ երկար տարիներ։
Նոյնպէս կը փափաքինք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին։
İlk yorum yapan siz olun