İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐ. ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Մայիս 2024, Երեքշաբթի, Յունաց Ս. Զատկի Տօնին առթիւ այցելեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ իր հետեւորդներուն հետ այցելեց Սուրբ Գէորգ Աթոռանիստ Տաճար եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Սուրբ Զատիկը։ Ապա երկու հոգեւոր պետեր այս առթիւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց շուրջ ունեցան գաղափարի փոխանակումներ։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։ Ան, ի յիշատակ այս այցելութեան զանազան գիրքեր նուիրեց Պատրիարք Հօր, ինչպէս նաեւ լանջախաչեր՝ Տ. Յարութիւն Վարդապետին եւ Տ. Գասպար Աբեղային։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Նորին Սրբութենէն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, նոյն առթիւ այցելեց նաեւ Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մօր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտին։ Թարլապաշըի Առաջնորդարանին մէջ կայացած այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբազան Մետրոպոլիտի անձին մէջ շնորհաւորեց քոյր Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Յարութեան տաղաւարը եւ արեւշատութիւն մաղթեց իրեն։

Գերշ. Մօր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտ եւս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց երկու եկեղեցիներու միջեւ առկայ եղբայրական յարաբերութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın