İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՈՒՂՂԵԱԼ ԵՐԻՑԱԳՈՅՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻՆ ՈՒ ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻՆ

Սրտաբուխ հնչեակնե՜ր

սրտագին ողջոյննե՜ր

Պոլսոյ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Վարժարանի երիցագոյն Սաներուն՝

Պրն. Ռոպէր Հատտէճեանի եւ

Պրն. Արամ Գամպուրեանի

«Սկսելու համար բաւ է կամքը, աւարտելու համար կողովը»։

Դուք

եղբայրացուցիք կամքն ու կորովը թէ՛ մշակութային-գրական, թէ՛ հասարակական ազգային կեանքի մէջ։ Մնացիք կանգուն, յարատեւեցիք եւ յարատեւելով անմահացաք, մեր Մայրենիին եւ մշակոյթին մատուցած ծառայութիւններով։

«Յարդը կ’երթայ, ցորենը կը մնայ» երգած է բանաստեղծը։ Յարդը խօսքն է, տարիներն են, երիտասարդութիւնն է, պատիւն ու փառքը՝ անկայուն։ Ցորենը մինչդեռ գործն է բարի, օգտակար՝ գիտական, գրական եւ մարդասիրական։

Սա իրագործեցիք դուք, պատուական սաներ, քալեցիք յառա՜ջ առանց կորսնցնելու պայծառութիւնը Ձեր տեղականին։

Կարողացաք մնալ լուսեղ գագաթներու վրայ, միշտ կենսունակ, աշխոյժ եւ առոյգ Հայ գրական անդաստանին մէջ։

Եղաք փոքր հսկաներ, միշտ շուքերը լուսաւորող։

ՏԻՐՈՋ օրհնութիւնը թող ըլլայ մշտատեւ ընկերակիցը Ձեր։

Իսթանպուլ, 5.5.2024

Հ. ՅԱԿՈՎԲՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՉՕՓՈՒՐԵԱՆ

ՄԱԳ. Հ. ՍԱՐԳԻՍ Ծ. ՎՐԴ. ԷՐՄԷՆ

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՈՒ ՎԱՆԱՏԱՆ ՀԱՅՐԵՐ

ՌԱՖԱՅԷԼ-ԺՈԶԷՖ ԱԼԻՔ

Բանկալթի ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Վարժարանի Մատակարար Մարմնի Ատենապետ, գործակից անդամներ եւ Տնօրէնութիւններ։

Աղբիւր։ Nor Marmara https://www.facebook.com/profile.php?id=100091502692999

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın