İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմուած է որպէս Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման յիշատակի ամիս։ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուեցաւ հայութեան դէմ, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, հողային եւ նիւթական անհաշուելի կորուստներու կողքին, մարդկային կորուստներով՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներով, ամբողջական ողբերգութիւն մը կը կազմէ, որուն յիշողութեան հետ հայ ժողովուրդը հարիւր տարիէն աւելի տակաւին հաշտուած չէ։ Այս կորուստներուն զուգահեռ, թուրք պետութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը, աւելի քան եօթանասուն տարի պետականազուրկ ազգ ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի ողբերգական պատմութիւնները, որոնք փոխանցուած են վերապրողներու կողմէ, հայ մարդու հոգեբանութեան մէջ տասնամեակներ շարունակ արմատացուցած են զոհի կերպարը եւ վրէժխնդրութեան զգացումը։
Հակառակ Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան դիւային ծրագիրին, Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ քանի մը քաղաքներուն մէջ հայութիւնը յաջողեցաւ կազմակերպել ինքնապաշտպանութիւն։ Այս կռիւները ծանօթ են հերոսամարտեր անունով։ Թիւով հինգն են անոնք՝ Վանի (16 Ապրիլ-19 Մայիս 1915), Շապին Գարահիսարի (2 Յունիս-29 Յունիս 1915), Մուսա Լերան (Օգոստոսի սկիզբ-12 Սեպտեմբեր 1915), Սասնոյ (Մարտ-3 Օգոստոս 1915) եւ Ուրֆայի (29 Սեպտեմբեր–23 Հոկտեմբեր 1915), որոնք որոշ չափով ջնջեցին խարանը հայութեան ճակատէն։
Հերոսամարտերուն իւրաքանչիւրը ունեցաւ տարբեր աւարտ։ Վանի հերոսամարտի շնորհիւ քաղաքի հայութիւնը փրկուեցաւ, երբ ռուսական զօրքը եւ հայ կամաւորական գունդերը Մայիսին գրաւեցին Վանը։ Մուսա Լերան հայութիւնը, շնորհիւ ֆրանսական նաւատորմին, նոյնպէս փրկուեցաւ։ Սասնոյ հայութեան մէկ մասը հերոսամարտէն ետք մնաց լեռներուն վրայ եւ երբ 1916ի Փետրուարին ռուսական բանակը մտաւ Տարօն, Սասնոյ լեռներուն վրայ ծուարած հայութիւնը (որոնց մէջ կային նաեւ մշեցիներ եւ Մշոյ Դաշտի գիւղերէն հայեր) նոյնպէս փրկուեցաւ։ Իսկ Մշոյ Դաշտի Վարդենիս շրջանի հայութիւնը կազմակերպեց ինքնապաշտպանութիւն եւ Յունիսին, երբ ռուսերը գրաւած էին Վանը, միացան ռուսական բանակին եւ ազատեցան կոտորածէ։ Ամէնէն դաժան ճակատագիրը վիճակուեցաւ Շապին Գարահիսարի եւ Ուրֆայի հերոսամարտերու մասնակիցներուն։ Այս իմաստով, ամէնէն յուսահատականը կը մնայ Ուրֆայի հերոսամարտը։ Ռազմաճակատէն հեռու, պաշարուած եւ փրկութեան ոչ մէկ յոյս ունենալով, ուրֆացիները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան, որուն աւարտի ողբերգութեան գիտակից էին անոնք։ Հակառակ այս իրողութեան, անոնք նախընտրեցին չտեղահանուիլ եւ զէնն ի ձեռին նահատակուիլ հայրենի հողի աւերակներուն վրայ։
Բացի այս հերոսամարտերէն, եղած են նաեւ բազմաթիւ փոքր կռիւներ կամ ինքնապաշտպանական մարտեր, տարբեր գիւղերու կամ շրջաններու մէջ։ Յիշատակելի է Մուշի ինքնապաշտպանութիւնը դաշնակցական գործիչ Կոտոյի Հաճիի գլխաւորութեամբ։ Մշեցիք դիմադրեցին երեք օր։ Անոնցմէ մաս մը, ֆետայի Ալիջանցի Տիգրանի առաջնորդութեամբ, վերջին գիշերը ճեղքելով պաշարման շղթան, կը բարձրանայ Սասուն, ուր արդէն տեղի կ՛ունենար Սասնոյ հերոսամարտը։ Մնացեալ կռուողները, Հաճիի առաջնորդութեամբ, վերջին կռիւն ալ կը մղեն եւ կը մնան Մուշի աւերակներուն տակ։ Մշոյ դաշտի բազմաթիւ գիւղեր եւս մէկ-երկու օրուան դիմադրութիւն կազմակերպած են։ Կարօ Սասունի, իր «Պատմութիւն Տարօնի Աշխարհ» գիրքին մէջ կը նշէ, որ Մշոյ դաշտի Աւրան գիւղը, ֆետայի Աւրանցի Արամի գլխաւորութեամբ 13 օր դիմադրած է թուրք եւ քիւրտ հրոսակներուն եւ ապա ամբողջ գիւղը կոտորուած է։ Կը յիշատակուի նաեւ Շապին Գարահիսարի կարգ մը գիւղերու ինքնապաշտպանական կռիւները, յատկապէս Բուրգ գիւղի դիմադրութիւնը։
Հպանցիկ ակնարկ մը եթէ նետենք այս հերոսամարտերու պատմական մանրամասնութիւններուն վրայ, կարելի պիտի ըլլայ արձանագրել.
Ա․ Այն շրջանները (գիւղ, աւան, քաղաք), որոնք զինուած էին, կազմակերպեցին ինքնապաշտպանութիւն, նոյնիսկ ամէնէն յուսահատ պայմաններու մէջ եւ ինկան պատուով։
Բ․ Այս հերոսամարտերը կը ջրեն տարածուած այն կարծիքը, թէ հայութիւնը 1915ին հօտի նման կոտորուեցաւ։ Այնտեղ ուր հնարաւորութիւն կար կռուելու, հայը դիմեց զէնքի եւ կռուեցաւ։
Գ․ Ժողովուրդին սպառնացող վտանգն ի տես, այն շրջաններուն մէջ, ուր կը գործէին տարբեր կուսակցութիւններ, միաւորուեցան եւ միասնաբար արժանապատիւ կռիւը մղեցին թշնամիին դէմ։
Դժբախտաբար, Ապրիլեան սուգի ազդեցութեան տակ, այս հերոսամարտերը գրեթէ մոռացութեան կը մատնուին, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք մեր հաւաքական կեանքի ուղեցոյց պէտք է դառնան։ Այս հերոսամարտերը կ՛ապացուցեն, որ հայը թոյլ եւ անզօր չէ նոյնիսկ իրմէ բազմապատիկ աւելի մեծ թշնամիին առջեւ։ Զոհի եւ անզօրութեան այն կերպարը, որ մեր ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմուած է, ամբողջութեամբ սխալ է եւ մեզի դարձուցած է տկարութեան զգացումով տառապող ժողովուրդ։ Վտանգին դիմաց հաւաքաբար կազմակերպուելու եւ դիմադրելու այս ոգին գերիշխող պէտք է դառնայ մեր ազգային գործունէութեան մէջ։ 1915ի հերոսամարտերու ղեկավարները, մէկդի դնելով իրենց գաղափարական, կուսակցական եւ այլ տարակարծութիւններ, միաւորուեցան հայ ժողովուրդը փրկելու գերագոյն նպատակին շուրջ եւ դիմադրութեան շնորհիւ յաջողեցան տասնեակ հազարաւորներ փրկել կոտորածէ։ Հաւաքական գիտակցութեան այս մօտեցումը աւելի քան այժմէական է այսօր, երբ թշնամին ամէն վայրկեան կրնայ պատերազմ սանձազերծել Հայաստանի դէմ։
Ապրիլեան հերոսամարտերը ուղեցոյց են ոչ միայն զինուորական-ռազմական իմաստով, այլ նաեւ քաղաքական եւ մասնաւորաբար հոգեմտաւոր մեր կերտուածքին համար։
Այս հերոսամարտերուն մասին կան բազմաթիւ յուշագրութիւններ եւ գիրքեր։ Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորներն են Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» եւ Արամ Հայկազի «Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը» հատորները։
https://asbarez.am


Batı Ermenistan Ve Batı Ermenileri Sorunları Araştırma Merkezi

Yorumlar kapatıldı.