İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վերճիհան Զիֆլիօղլուի նոր գիրքը «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՇՈՒՔԻՆ ՏԱԿ. ՕԼԿԱ ԵՒ ՄԱՔՍԻՄԻԼԻԱՆ»

Գրագիտուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու այս շաբաթ հրապարակ կը հանէ իր նոր վէպը, որ կը կոչուի «Պատերազմի շուքին տակ. Օլկա եւ Մաքսիմիլիան»։ Գիրքը վաճառասեղաններու վրայ կը դրուի «Փափիրուս» հրատարակչատունէն։ Այս վէպը «թրքական գիրք» մը չէ, ընդհակառակը կը ներկայացնէ հասարակաց տեսլական մը՝ ցոլացնելով այն ոգին, զոր հեղինակը ստացած է զանազան երկիրներու եւ աշխարհագրութիւններու մէջ ապրելու եւ աշխատելու ընթացքին։

Վէպը գրի առնուած է համաշխարհային ամենարիւնալի պատերազմներու՝ Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերու խորապատկերի վրայ։ Կը ներկայացնէ աշխարհակարգերու ձեւաւորումը՝ գլխաւոր հերոսներ Օլկայի ու Մաքսիմիլիանի ճակատագրերու միջոցաւ։

Հեղինակը թերթիս խմբագրութեան ղրկած նամակին մէջ դիտել կուտայ որ գիրքը սկսած է գրել վեց տարի առաջ, Լայպցիկի լրագրութեան մասնագիտական դպրոցէն ներս լրագրութիւն դասաւանդելու շրջանին։ Վիպագրութիւնը շարունակած է նաեւ Պերլինի մէջ ապրելու օրերուն։

Օլկան եւ Մաքսիմիլիանը գրագիտուհիի հետ ճամբորդած են զանազան աշխարհագրութիւններու մէջ։ Հեղինակի հետ պատահած դժբախտ արկած մը իր ցոլացումը գտած է Մաքսիմիլիանի կերպարին մէջ։ 

Վէպի մէջ տողանցող երկաթուղիի տեսարանները ծնունդ առած են Արեւելեան Եւրոպայի երկաթուղային գիծերէն եւ հեղինակի բնակած տան հանդիպակաց երկաթուղիի կայարաններէն։ Այսինքն վէպը գրուած է երկար ժամանակ՝ զգալով ու վերապրումներով։

Այժմ աշխատանք կը տարուի գիրքը Եւրոպայի տարածքին եւ Ամերիկայի մէջ վաճառքի հանելու ուղղութեամբ։ Բացի ատկէ զանազան քաղաքներու մէջ հրապարակային ասուլիսներ պիտի սարքուին գրքի ծանօթացման նպատակով։

Ընթերցողներ վաղուընէ սկսեալ նորատիպ հատորը պիտի գտնեն Թուրքիոյ բովանդակ տարածքի գրախանութներու մէջ։

Կը շնորհաւորենք հեղինակը։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/180424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın