İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՓՐԱՆՕ ՄԱՐԻԱ ՍԱՐՏԱՐԵԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Փրակի «Օրեր» շաբաթաթերթէն կ’արտատպենք հետեւեալ լուրը.-

27-29 Մարտին Ալբանիոյ մայրաքաղաք Թիրանի մէջ կայացաւ օփերային 20րդ միջազգային մրցումը, ձօնուած Մարիէ Գրայայի անուան։ Մասնակցութիւն բերին 250 երգիչ-երգչուհիներ եւ անոնցմէ միայն 16ը անցան կիսաեզրափակիչ։ Անոնցմէ ութն ալ զրկուեցան աւարտական փուլէն։

Եզրափակիչ հասած մասնակիցներու միջեւ կը գտնուէր միլանոյաբնակ հայազգի երգչուհի Մարիա Սարտարեան։ Ան իր ելոյթով գերեց ո՛չ միայն դատակազմի անդամները, այլ նաեւ հանդիսականները։ Ներկաները հիացան Մարիայի կատարումով Մոցարթի «Կախարդական սրինգ» օփերայէն գիշերային թագուհիի արիայի մեկնաբանութեան վրայ։ Դատակազմը առաջին մրցանակին արժանի նկատեց հայ երգչուհին։

Մրցումը տեւեց երեք օր եւ սփռուեցաւ Ալբանիոյ պետական հեռատեսիլէն։ Մարիան այս փայլուն յաղթանակի շնորհիւ ելոյթներու հրաւէրներ ստացաւ քանի մը երկիրներու օփերային թատրոններէն։

Յայտնենք որ Մարիան Երեւանի Կոմիտաս երաժշտանոցի շրջանաւարտ է, յետոյ ուսանած է Իտալիոյ Օզիմոյի երգի եւ Նափոլիի Սան Քարլօ ակադեմիաներուն մէջ։ Ան մնայուն բնակութիւն հաստատած է Միլանոյի մէջ եւ ելոյթներ կ’ունենայ իտալական զանազան բեմերուն վրայ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/090424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın