İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Ապրիլ 2024, Հինգշաբթի, ընդունեց Ֆրանսայի Լիազօր Դեսպան Իզապէլ Տիւմոնի այցելութիւնը։

Մեծայարգ Լիազօր Դեսպանը, այս քաղաքավարական այցելութեամբ ծանօթացաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին՝ Պատրիարքարանին եւ Նորին Ամենապատուութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծայարգ Դեսպանին սոյն այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց։

Մտերմիկ այցելութեան աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը Լիազօր Դեսպան Տիւմոնին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած մեծածաւալ հատորներէն մին՝ ոսկերչութեան մասին, իսկ մեծայարգ հիւրը ընդունելութեան համար յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın