İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՊՕՐԻՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒՄ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»ԻՆ ՄԷՋ

Երէկ կէսօրուայ ժամերուն ձգտեալ իրավիճակ մը ստեղծուեցաւ Երուսաղէմի հայ հոգեւորականներու եւ իսրայէլցի ոստիկաններուն միջեւ այն բանէ ետք, երբ ոստիկաններ փորձեցին ապօրինի տեղահանում իրականացնել Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածէն։ Զարգացումներու մասին նախ եւ առաջ յայտարարութիւն կատարեց հայկական թաղամասը փրկելու համար ստեղծուած «ՍէյվՏհըԱրՔիւ» շարժում, «Իքս» էջին վրայ։ Հաղորդուեցաւ որ ոստիկանութիւնը ապօրինի կերպով, առանց դատարանի որոշման ու առանց նախազգուշացումներու, հեռացուց արգելապատնէշները։ Քաշքշուք տեղի ունեցաւ հայ հմայնքի ներկայացուցիչներու, այդ կարգին՝ հոգեւորականներու եւ «Կովերու պարտէզ» ներխուժած իսրայէլցիներու եւ ոստիկաններու միջեւ։

Քանի մը ժամ յետոյ, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանը հրապարակեց յատուկ հաղորդագրութիւն մը, ներկայացնելով վիրավիճակը.-

Այսօր, 3 Ապրիլ, 2024-ին, մօտաւորապէս ժամը 11.00-ին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապօրինի տեղահանում սկսած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածէն՝ ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի գոյքը, եւ յարձակելով հոգեւորականներու եւ տեղացի հայերու վրայ։ Վտարումը կը ղեկավարէր Ասաֆ Հարէլ անուն սպան։ Երբ սպաներու խումբէն պահանջուած է հայ հոգեւորականներուն եւ տեղացի հայերուն բռնի տեղահանելու, վտարելու, գոյքը ոչնչացնելու մասին արտօնագիր ներկայացնել, վերջիններս որեւէ արտօնութիւն կամ դատարանէն որոշում չեն ներկայացուցած եւ շարունակած են պաշտպանել ու աջակցիլ «Քսանա Կարտէն»-ի ներկայացուցիչներուն՝ Հայոց Պատրիարքարանի գոյքը ոչնչացնելու համար։

Ապօրինի գործողութիւնները դադրեցնելու փորձի ընթացքին քանի մը ոստիկաններ շարունակաբար յայտարարած են, թէ եկած են արտօնագիրով, սակայն բնաւ չեն ներկայացուցած յիշեալ արտօնագիրը եւ ըսած են. «Մենք այստեղ ենք՝ պաշտպանելու Քսանա Կարտէն-ի աշխատողներու իրաւունքները»։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Սուրբ Երկրի Սրբատեղեաց Պահապաններէն մէկն է եւ վերահսկողը Երուսաղէմի չորս թաղամասերէն մէկուն։ Մենք կ’’ակնկալենք ամբողջական պատշաճ գործընթաց,- ինչպէս որ տրուած է բոլորին Երուսաղէմի մէջ,- եւ պատասխաններ կը պահանջենք Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ Իսրայէլի կառավարութենէն՝ այսօրուայ իրադարձութիւններուն անոնց մասնակցութեան համար։ Աներկբայ է, որ այսօրուայ սադրանքները Հայկական թաղամասի եւ անոր օրինական հողերու դէմ նախադէպ ստեղծելու փորձեր են։ Մենք պիտի շարունակենք ամուր կենալ մեր դիրքերու մէջ եւ պիտի հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը խաղաղ հայ քրիստոնեայ համայնքի նկատմամբ այս անվերջ ոտնձգութիւններուն վրայ։

ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ

***

Յիշեցնենք որ 28 Դեկտեմբեր 2023ին մօտաւորապէս 30 ահաբեկիչներ սեւ հագուստով ու դիմակներով, զինուած մահակներով, արցունքաբեր նռնակներով ու այլ տեսակի միջոցներով, յարձակում գործած էին Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ի վրայ, վնաս պատճառած էին հայերուն եւ փորձած էին դուրս հանել զանոնք։ Յարձակման ժամանակ քարեր նետած էին հայերու ուղղութեամբ։ Ծանր վիրաւորում ստացած էին քահանաներ, Հայաստանի աստուածաբանական ակադեմիոյ ուսանողներ եւ տեղացի հայեր։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/040424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın