Գրած էինք արդէն որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, Կիլիկիոյ աթոռի միջ-եկեղեցական յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան այս օրերուն Իսթանպուլ կը գտնուի կարեւոր ժողովի մը համար։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ¤ԵՀԽ_ համախոհութեան եւ գործակցութեան յանձնախումբը, ուր Կիլիկիոյ Աթոռի կողմէ կ’անդամակցի մեր սիրելի Սրբազանը, բազմաբնոյթ հարցերու քննարկութեան համար հոս ժամադրուած է 7 օրթոտոքս եւ 7 բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ միասին։
Հեռաձայնէն ուրախութեամբ լսեցինք Սրբազան Հօր ձայնային հաղորդագրութիւնը, որով կը յայտնէր Մարմարա այցելելու փափաքին մասին։ Մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի եւ Նարեկ Սրբազանի միջեւ բարեկամութիւնը գրեթէ 30 տարուայ անցեալ մը ունի, ուստի թէ՛ հաճոյք, թէ՛ պատիւ էր զինքը հիւրընկալել մեր երդիքին տակ։
Սրբազանը Մարմարա-ի մեր խմբագրատուն այցելեց Յովակիմ Վարդապետի ուղեկցութեամբ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Սրբազան Հօր անդամակցած յանձնախումբի, մեր թերթի, Ռ. Հատտէճեանի հանդէպ ունեցած մեծ յարգանքի ու բարեկամութեան, առօրեայ մարտահրաւէրներու հարցերը կազմեցին մեր շահեկան զրոյցի առանցքը։
Հիւր Սրբազանը պատմեց որ ԵՀԽի գագաթաժողովը կը գումարուի եօթը տարին անգամ մը, իսկ իր անդամակցած յանձնախումբի պարտականութիւնն է այդ եօթը տարիներու միջեւ հսկողութիւն իրականացնել ծրագիրներու վրայ, որպէսզի որեւէ եկեղեցի, օրթոտոքս կամ ոչ-օրթոտոքս չնեղանայ եւ չքաշուի, յանձնախումբը կը զբաղի անդամակցութիւններու ծրագիրներու հաւասարակշռութեան հարցերով։ ԵՀԽի վերջին համաժողովը գումարուեցաւ Գերմանիոյ Քարլզրուէ քաղաքին մէջ, հոն ահաւասիկ հաստատուեցաւ այս յանձնախումբը, հինգ ուղղափառ, որուն մէջ բնականօրէն կայ տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչ մը եւ երկու արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ՝ մէկ ղպտի եւ մէկ հայ։ Իսթանպուլեան այս ժողովը յանձնախումբի անդրանիկ ժողովն էր՝ Պարթոլոմէոս Պատրիարքի հրաւէրով։ Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի գիշեր քննարկումներ եղան, աւարտին բոլոր քննարկումներու արդիւնքները ամփոփուեցան զեկոյցի մը մէջ։
Ահաւասիկ ասիկա այցելութեան պաշտօնական մասը։ Գալով Թուրքիոյ մէջ կեցութեան միւս հանգրուաններուն, Սրբազանը այս առտու պիտի պատարագէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վաղը Եփեսոսը տեսնելու համար Իզմիր պիտի երթայ երկօրեայ այցելութեամբ եւ Իսթանպուլ վերադառնալով մինչեւ Ուրբաթ պիտի ըլլայ Պատրիարքարանի հիւրը։
Մենք ուրախ էինք հանդիպման համար, ինչպէս Սրբազանը նշեց միայն այցելութիւն չէ ասիկա, այլ գործակցութիւն, շնորհակալութիւն, երախտագիտութիւն, գնահատանք, ուր որ կրնան բան մը ընել, հոն հասնիլ։ Նարեկ Սրբազանի մէկ արտայայտութիւնը այսօրուայ իրականութեան բանաձեւումն էր. հասած ենք տեղ մը երբ որեւէ տեղ, որեւէ մարզի մէջ հայ անհատ մը կորսնցնելու պերճանքը չունինք, իրարու նեցուկ պէտք է կանգնինք եւ իրարմէ ոյժ պէտք է ստանանք ժողովուրդին ծառայելու համար։ «Երբ որ համահայկական մշակոյթ է, մտահոգութիւն է, իրարու զօրակցինք, տուն մը հիմերու վրայ կը կանգնի, եթէ հիմ մը խախտի, փուլ կուգայ», ընդգծեց Նարեկ Սրբազան։
Մեր Խմբագրապետին հետ Սրբազանի բարեկամութիւնը տարբեր շունչ եւ երանգ մը ունի. արմատները դրուած են Նիւ Ճըրզիի մէջ, երբ Նարեկ Արքեպիսկոպոս հովուական ծառայութեամբ հոն կը գտնուէր։ Յարգանքով յիշեցինք Յարութիւն Քէօրօղլեանն ու կողակիցը՝ Անոյշը, որոնց տան մէջ քանիցս հիւրընկալուած էր Հատտէճեան ամոլը եւ առիթներ ստեղծուած էին նաեւ Նարեկ Սրբազանի հետ մէկտեղուելու համար։ Երկուքն ալ, բացի իրենց բուն ծառայութենէն, գիր-գրականութեան հաւատարիմ նուիրեալներ են՝ ստեղծագործելու, ուսումնասիրելու, արժեւորելու անդադրում գործունէութեամբ։
Սրբազան Հօր ուսումնասիրական բնոյթով յօդուածները, հոգեւոր-կրօնական շունչով գրութիւնները յաճախ պարբերաբար կ’արտատպուին մեր էջերուն վրայ, ուստի մաղթեցինք որ այդ ուղղութեամբ գործակցութիւնը շարունակուի։
«Հիմա դասագիրք մը կը պատրաստեմ։ Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւնն է ատիկա, զոր թարգմանութիւն է եւ յապաւումներով զայն կը գործածենք Անթիլիասի Դպրեվանքի մէջ, շուրջ քանի մը տասնամեակէ ի վեր։ Երկու հատոր պիտի ըլլայ, մէկ հատորը 500-600 էջ՝ Քրիստոսի օրերէն մինչեւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի օրերը, ամէն մէկ եկեղեցւոյ, ամէն մէկ եկեղեցական շարժումի մասին», յայտնեց Սրբազանը։
Մեր շնորհակալութեան խօսքին հետ միասին յաջողութիւն մաղթեցինք սիրելի Սրբազանին։ Իր հեղինակութեամբ լոյս տեսած վերջին երկու գիրքերը՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի. բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» եւ «Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ-ուղղափառ առարկութիւններու»ն ¤այս վերջինը Ե. տպագրութիւնն է_ նուիրուեցան մեր Խմբագրապետին յանձնելու համար։ Լուսանկարուեցանք, անմահացնելով օրուայ յիշատակը։
İlk yorum yapan siz olun