İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կեսարիոյ մէջ. Միջինքի արարողութիւնը նշուեցաւ 

Կարգադրութեամբ ՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի օրերս կրօնական նպատակներով պատուիրակութիւն մը ուղղուած է դէպի Կեսարիա, ուր նշուած է Միջինքի արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Մարմարա» պարբերականէն, ուր մասնաւորապէս կը գրուի՝

Աւանդութիւնը յարգուեցաւ նաեւ այս տարի։ Ուխտաւորներու խումբ մը գնաց Կեսարիա եւ մասնակցեցաւ Մեծ Պահքի միջինքի առիթով պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Երկրի զանազան քաղաքներէն հայ ուխտաւորներ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Թաղային Խորհուրդը՝ Ատենապետ Զատիկ Թոքէրի գլխաւորութեամբ, նոյնպէս ներկայ էր։

Ս. պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկաները աղօթքներու ընդմէջէն խաղաղութիւն հայցեցին բոլոր այն տարածքաշրջաններուն համար, ուրկէ ներս բախումներ տեղի կ’ունենան։ Աղօթք բարձրացաւ նաեւ Կազզէի համար։

https://arevelk.am/articles/kesarivoy-mej-mijinqi-ararvoghvouthiuny-nshvouecau?fbclid=IwAR2IMFwNliopsal5v2iNt2dwxTCce9q2mENQtw0nOP0sHwasqfU9938FB_s

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın