İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍ՝ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ 4 ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 4 եպիսկոպոսներ երէկ Անթիլիասի մէջ «Արքութեան» տիտղոսի արժանացան ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալին։ Այսպէս, 14 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային Կեդրոնական վարչութեանց Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արքութեան տիտղոս շնորհեց

– Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին,

Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեանին,

– Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանին,

– Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատելով իրենց թեմերէն ներս առաջնորդ Սրբազաններուն նուիրեալ ծառայութիւնը՝ անոնց շնորհեց արքութեան տիտղոս՝ շեշտելով, որ յիշեալ պարգեւատրումը միայն գնահատանքի արտայայտութիւն չէ, այլեւ առաւել խթան վերանորոգ նուիրումով շարունակելու մեր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/150324lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın