Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 13 Մարտ 2024, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Համաշխահային Եկեղեցիներու Միութեան Համամիութեան եւ Համագործակցութեան Յանձնախումբի անդամները։ Խումբին կը գլխաւորէր Յունաց Պատրիարքութեան Միջեկեղեցական Բաժնի պատասխանատու Գատըգիւղի Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Աթոռոյս Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Յարաբերութեանց Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան եւ
Ժնեւի մէջ կատարուած WCCԻ 11րդ Ժողովի ժամանակ վերակազմուած յանձնախումբը իր ամբողջական կազմով կը գտնուէր Ստանպուլ, որպէս հիւրը Յունաց Պատրիարքութեան։ 11-14 Մարտի միջեւ կատարելի քառօրեայ ժողովներու մասնակցութեան ընթացքին անոնք նաեւ առիթը կ՚ունենային քաղաքիս զանազան հոգեւոր եւ մշակութային վայրերը այցելելու։ Յանձնախումբը կը բաղկանար եօթը ուղղափառ եւ եօթը աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն։ Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու կարգին էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպս. Ալեմէզեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով։ Բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն։ Իւրաքանչիւր անդամին ինքզինքը եւ իր հանգամանքը ծանօթացնելէ յետոյ, Պատրիարք Հայրը հետաքրքրուեցաւ իրենց առաքելութեամբ։ Ներկաներ հետաքրքրուեցան մեր համայնքային կեանքի մասին, որոնց պատասխանեց մեր Հոգեւոր Պետը՝ ծանօթացնելով մեր համայնքային կառոյցը։
Էմանուէլ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Հաւաքական նկարահանումէն յետոյ հիւրերը յուշանուէր մը եւս յանձնեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ հրաժեշտ առին։
http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun