İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՖԹԱՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան 12 Մարտ 2024, Երեքշաբթի գիշեր Անգարայի մէջ նախագահեց ԱՔ Կուսակցութեան իֆթարի սեղանին, որուն մասնակցեցան պետական աւագանին, փոքրասնական համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական պաշտօնեաներ։

Սոյն սեղանին մասնակիցներու շարքին էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Բաց աստի, սեղանին մասնակից էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ այլ աշխարհական վարիչներ, ինչպէս նաեւ Ստանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն առթիւ միջօրէին օդային ճամբաւ մեկնեցաւ մայրաքաղաք, իր հետն ունենալով գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանը։

Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն գիշեր վերադարձաւ Աթոռ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın