İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՐԱՆԳԱՒՈՐՈՒՄ

«Արաս» հրատարակչատան ընտանիքը այս շրջանին հանդէս կու գայ բոլորովին նոր նախաձեռնութիւնով մը, որ պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս կրնայ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ։ Այսպէս, ինչպէս հաղորդած էինք միջոց մը առաջ, «Արաս»ի ընտանիքը երէկ պաշտօնապէս ազդարարեց՝ նորաստեղծ «Եսայեան» միութեան գործունէութեան մեկնարկը։ Այս առթիւ հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին նորաստեղծ միութեան վարչութեան հիմնադիր-ատենապետը՝ Եդուարդ Թովմասեան հանդէս եկաւ մանրամասն բացատրութիւններով։

«Արաս» հրատարակչատունը երկար տասնամեակներէ ի վեր կայուն գործունէութիւն կը ծաւալէ թէ՛ պոլսահայ համայնքէն եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մշակոյթի կեանքէն ներս։ Ներկայիս անոր գործունէութիւնը նոր երանգ մը կը ստանայ՝ նորաստեղծ «Եսայեան» միութեան գործունէութեամբ։ Այս միութիւնը, խորքին մէջ, գրադարան-արխիւ մըն է, որ յաւակնոտ նպատակներ հետապնդելով ստեղծուած է։

«Եսայեան» միութիւնը հաստատուած է Պէյօղլուի Խտիվեալ փալաս պատմական խանէն ներս։ Ծանօթ է, որ այս մէկը կը տնօրինուի Գարակէօզեան տան խնամակալութեան կողմէ։ Միութիւնը հաստատուած է խանի այն բաժնէն ներս, ուր հիմնուած էր «Արաս» հրատարակչատունը։ Ներկայիս «Արաս»ը կը գործէ խանի այլ բաժանմունքներէն մէկուն մէջ, իսկ իր նախկին տարածքը արդէն յատկացուած է «Եսայեան» միութեան։ Հարկ է նշել, որ այս նոր նախաձեռնութիւնը վայելած է նաեւ Եւրոմիութեան հովանաւորութիւնը՝ քանի ծրագրի կարգ մը երեսակները կեանքի կոչուած են անոր գանձատրումով։

 Եդուարդ Թովմասեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ նոր միութիւնը առայժմ ունի 8 հազար գիրք եւ 200 պարբերական։ «Մենք գիրքերը կը հաւաքենք ո՛չ թէ պահելու, այլ արժեւորելու համար», նշեց Թովմասեան։

«Եսայեան» միութիւնը թէեւ պաշտօնապէս 2022 թուականին հիմնուած է, սակայն անոր հաւաքատեղին հազիւ պատրաստուած է, ուստի գործունէութեան պաշտօնական մեկնարկի ազդարարութիւնն ալ տակաւին նոր կը կատարուի։ Միութեան գործունէութիւնը պիտի համակարգուի Նորայր Օլկարի կողմէ, որ եւս երէկուան ասուլիսի ընթացքին հանդէս եկաւ բացատրութիւններով։

«Եսայեան» միութիւնը կը նախատեսէ ծաւալել մշակութային գործունէութիւն, գրադարան-արխիւի մը ձեւաչափին մէջ հետամուտ պիտի ըլլայ հետազօտողներու համար աշխատանքային միջոցներ եւ միջավայր ստեղծելու։ Միութիւնը կը նախատեսէ նաեւ արտասահմանի արխիւային կեդրոններուն հետ համագործակցութիւն ծաւալել։

«Եսայեան» միութեան հիմնադրութեան կարեւոր նպատակներէն մին ալ՝ Թուրքիոյ մէջ հայերէնով հրատարակութիւններու խոր աւանդութիւնները ապագային փոխանցելու ճանապարհին ջանքեր գործադրելն է՝ միեւնոյն ժամանակ հանդիսանալով յիշողութեան կարեւոր հարթակ մը։

Միութեան հաւաքատեղին կ՚ընդգրկէ նաեւ բազմանպատակ սրահ մը եւ ընթերցարան մը, որոնք թէեւ համեստ տարածութիւններ կը զբաղեցնեն, սակայն լիուլի բաւարար են նոր հորիզոններուն համապատասխան աշխատելու տեսակէտէ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորաստեղծ «Եսայեան» միութեան, որ ներկայիս միս ու մարմին ստացած է՝ Թովմասեան ընտանիքին կողմէ ալ կատարուած ներդրումներուն շնորհիւ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/13-03-2024-աշխատանքի-երանգաւորում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın