İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ 300 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐՈՎ ՎԱՃԱՌՈՒԵՑԱՒ 0000000 ՀԱՄԱՐԱՆԻՇԸ

Հայաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը ամիսներ առաջ յայտարարած էր որ նկատի ունենալով մեծ պահանջարկը, որոշած է գործածութեան մէջ դնել ինքնաշարժներու պետական համարանիշներու նոր խմբաքանակ մը՝ աճուրդի հանելով զանոնք։ Ամէնէն բարձր սկզբնական գումարը յայտարարուած էր 0000000 համարանիշի համար ¤գրեթէ 50 հազար տոլար_։ Աւելի՛ն, 98 հոգի արձանագրուած էր եւ աճուրդի միջոցաւ կ’ուզէր տիրանալ ճի՛շդ այդ համարանիշին։

«Կոլտ» համարանիշներու աճուրդը սկսաւ 23 Փետրուարին ու շարունակուեցաւ մինչեւ 28 Փետրուար։ 0000000 համարանիշը ձեռք բերած է «Առանցք» ընկերութիւնը, որ կը պատկանի Գագիկ Առուշանեանին։ Իսկ ո՞վ է Գագիկ Առուշանեան։ Ան Սիւնիք ռազմավարական մարզի Գորիս քաղաքի համայնքապետ Գարուշ Առուշանեանի հայրն է։

Գագիկ Առուշանեան «Հրապարակ» թերթի թղթակցի հետ զրոյցի ընթացքին չհերքեց, որ համարանիշները ի՛նք գնած է, ընդհակառակը յորդորեց որ այդ թեմայով հարցումներ չուղղուին իրեն։ Ի՞նչ նպատակով է որ համայնքապետի հայրը որոշած է գնել համարանիշը։ Գագիկ Առուշանեան ըսաւ որ որոշած եւ գնած է։

Ի դէպ այս թէման «քննարկուեցաւ» նաեւ փողոցներուն մէջ, հարցախոյզներու միջոցաւ։ Սովորական մարդիկ պնդեցին որ «0000000» համարանիշի համար կը պայքարէին անոնք, որոնք գումար ունէին եւ չէին գիտեր թէ ինչպէ՞ս կրնան ծախսել զայն։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/120324lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın