Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 11 Մարտ 2024, Երկուշաբթի, ընդունեց ԱՔ Կուսակցութեան Շիշլիի Քաղաքապետութեան պատգամաւորութիւնը, գլխաւորութեամբ քաղաքապետութեան թեկնածու Կէօքհան Եիւքսէլի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։
Նորին Ամենապատուութիւը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն ու զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց Շիշլիի այժմու վիճակին մասին։ Ան յիշեցուց նաև համայնքի ակնկալիքները։
Եիւքսէլ եւ պատգամաւորութեան անդամները ըսին, թէ ծանօթ են Շիշլիի հարցերուն եւ այդ ուղղութեամբ պիտի գործեն։ Ապա Շիշլիի շրջանի ներկայ հարցերու լուծման մասին փոխանցեցին իր ծրագիրները։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun