Առտուան կանուխ ժամերուն, մինչ շատեր կը քնանային, շարժանկարի արուեստի սիրահարները գամուած էին հեռատեսիլի էքրանի առջեւ եւ կը հետեւէին Օսքար-2024ի մրցանակաբաշխութեան։
Միջոցառումը Լոս Անճէլըսի «Տոլպի» թատրոնի սրահին մէջ էր։ Ամերիկայի շարժանկարի ակադեմիան 96րդ մրցանակաբաշխութիւնը կը կատարէր, յայտարարելով դափնեկիրներուն անունները։ Կասկած չկար որ «Օփընհայմըր» ժապաւէնը պիտի տիրանար գլխաւոր օսքարներուն։ Այդպէս ալ եղաւ. «Օփընհայմըր» գլխաւոր դափնեկիր հռչակուեցաւ, արժանանալով եօթը մրցանակի, այդ կարգին «Լաւագոյն ժապաւէն» եւ «Լաւագոյն դերասան» (Քիլիան Մերֆի) անուանակարգերու մէջ։
Էմմա Սթոուն «Լաւագոյն դերասանուհի»ի օսքարին արժանի նկատուեցաւ «Փուր թինկս» ժապաւէնի մէջ իր դերակատարութեան համար։
«Պարպի»ն, որ 2023ին ամէնէն մեծ եկամուտը ապահոված էր, ստացաւ ընդամէնը միակ Օսքար մը, Պիլլի Այլիշի ու եղբօր՝ Ֆիննեասի կողմէ գրուած լաւագոյն երգի համար։
Երեկոն պատմական էր նաեւ Ուքրանիոյ համար։ Այդ երկիրը առաջին անգամ ըլլալով մրցանակի արժանացաւ։ «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» անուանակարգի մէջ մրցանակը շնորհուեցաւ «Քսան օր Մարիուփոլի մէջ» ժապաւէնին։ Յիշեցնենք որ արդէն երրորդ անգամ է որ Օսքարի մրցանակաբաշխութիւնը կը կատարուի ուքրանական լայնածաւալ պատերազմի լոյսին տակ։
Այսօրուայ մրցանակաբաշխութիւնը դարձաւ այն հարթակը, ուր յառաջադէմ մարդկութեան ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ Ուքրանիոյ դէմ սարսափելի պատերազմի վրայ։
İlk yorum yapan siz olun