İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԳԻՇԵՐՕԹԻԿԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Սկիւտարի Քաղաքապետութիւնն ու թաղի Կրթական տնօրէնութիւնը համատեղ կ’իրականացնեն «Ընտանեկան մտերմութեան մէջ զրոյցներ» կարգախօսով նախաձեռնութիւն մը, որու ծիրէն ներս նախընթաց օր հաւաքոյթ սարքուեցաւ Գալֆաեան վարժարանի գիշերօթիկի տղոց կացարանին մէջ։ Այսպէս Սկիւտարի գաւառապետ՝ Ատէմ Եազըճը, Սկիւտարի կրթական տնօրէն Սալիհ Տուրմուշ, Կրթական Նախարարութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի տնօրէն Մահիր Գարահասանօղլու այցելեցին գիշերօթիկի տղոց կացարանը եւ անոնց հետ մէկտեղուեցան ընթրիքի սեղանի շուրջ։

Հիւրերը դիմաւորուեցան Խնամակալութեան Ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի եւ գործակիցներու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասուի, Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ փոխտնօրէն Կիւլայ Չաքըրի կողմէ։ Բոլորը միասին հաճելի զրոյցներով համեմուած ժամանց ունեցան գիշերօթիկի սաներուն հետ։

Այցելութիւնը առիթ ստեղծեց որպէսզի Գալֆաեանի պատասխանատուները խօսին իրենց խնդիրներու մասին։ Հարցն այն է որ վարժարանի շէնքը պատմական յուշարձանի հանգամանք ունի եւ հակառակ որ երկրաշարժի դէմ դիմացկուն է, Կրթական Տնօրէնութիւնը կը պահանջէ այն նոյն չափանիշները, որոնք ի զօրու են պեթոնէ կառոյցներու համար։ Գաւառապետը խոստացաւ անպայման հետաքրքրուիլ այս հարցով։

Տղաքն ալ խնդրանք ունէին պատկան մարմիններէն։ Անոնց փափաքն է որ գիշերօթիկի կացարանի խաղայգին վերանորոգուի եւ սարփինայ մը պատրաստուի իրենց համար։ Հիւրերը խոստացան նաեւ խօսիլ պատկան պետական ծառայողներուն հետ։

Գալով կենսական զոյգ հարցերուն։ Անոնցմէ մէկը հանրակացարանի շէնքն է, զոր պարպած էին որովհետեւ երկրաշարժի դէմ տոկունութիւն չունէր։ Գալֆաեանի վարիչները հիւրերու ուշադրութեան յանձնեցին այս կարեւոր հարցը։ Երկրորդ հարցը այն է որ գիշերօթիկ կացարանն ու վարժարանը պէտք է գործեն նոյն վայրին մէջ։ Այս խնդրի առնչութեամբ Գաւառապետը ըսաւ որ տրուած ըլլալով որ Գալֆաեանը մասնաւոր վարժարան է, իրենք իրաւունք չունին պետական դպրոցներու նման ուղղակիօրէն միջամտութիւն ընելու, բայց կը հաւատայ որ միասնաբար կարելի է լուծում գտնել նաեւ այս հարցին։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/070324lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın