İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՐԱԳՐՈՂ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Այս առտու Խմբագրատանս երդիքին տակ հիւրընկալեցինք հայաստանցի անկախ լրագրող, «Անի» կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանը, որու քաղաքական հարցերու շուրջ անկողմնակալ մօտեցումներն ու տեսակէտները կը գնահատուին յառաջադէմ հայ հասարակութեան կողմէ։

Թաթուլ Յակոբեանին կ’ընկերանային քամերաման Ռոպէրթ Խառազեան եւ օգնական՝ Աշոտ Յակոբեան։

Յարգելի լրագրողը Իսթանպուլ ժամանած է կարեւոր նպատակի մը համար։ «Անի» կեդրոնը կը նկարահանէ «Հայերն ու թուրքերը, 1918-1922» եռահանգրուան վաւերագրական ժապաւէն մը, որու առաջին բաժիններու նկարահանումները կատարուած են արդէն Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ, իսկ այժմ Իսթանպուլի մէջ, ան կը փորձէ նկարահանել երրորդ մասը։ Այս շարժանկարը, Թաթուլ Յակոբեանի դիպուկ արժեւորումներով եւ անկողմնակալ կերպով լոյս պիտի սփռէ ճակատագրական այն դէպքերու վրայ, որոնք տեղի ունեցան 1918-1922 թուականներուն։

Ուշագրաւ են Թաթուլ Յակոբեանի վերջին գրառումները, որոնք կը յիշեցնեն որ 1918 թուականի Յուլիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն «Թոքաթլեան» պանդոկի մէջ իջեւանած էր Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի ու Արտաքին Գործոց Նախարար Ալեքսանդր Խատիսեանի։ Այս վերջինը իր հատորին մէջ կը գրէր որ Օսմանեան կայսերական կառավարութիւնը Հայաստանի պատուիրակութեան յատկացուցած էր ութ սենեակ։ Ի դէպ, Յակոբեան կը գրէ որ այդ նոյն ամիսներուն Իսթանպուլի մէջ կը գտնուէին նաեւ վրացական ու ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները, որոնք իջեւանած էին Բերա պանդոկի մէջ։

Հայաստանցի լրագրողը կը յիշեցնէ որ Հայաստանի դեսպանատունը պէտք է բացուէր Թոքաթլեան պանդոկին մէջ, իսկ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչը Ֆէրտինանտ Թախտաճեանն էր։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Թաթուլ Յակոբեանին իր նոր ծրագրի իրականացման ճամբուն վրայ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/040324lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın