Յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սէրտար Գըլըճ վերջին անգամ պաշտօնական բանակցութիւններ վարած էին 2022ի Յունիսին, Մոսկուայի մէջ։ Այդ ժամանակ կողմերը համաձայնած էին որ ցամաքային սահմանը բացուէր երրորդ երկիրներու հպատակներու համար՝ ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ։ Այդ թուականէն ետք սահմանը բացուեցաւ ընդամէնը մէկ անգամ՝ այն օրերուն, երբ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն կը բերէր Թուրքիա, երկրաշարժի աղիտեալներուն օգնելու համար։
Ինչո՞ւ յառաջընթաց չկայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրականացնելու հարցի շուրջ, ե՞րբ ի վերջոյ գոնէ երրորդ երկիրներու համար կը բացուի սահմանը։ Սէրտար Գըլըճի կողմէ ուղղակի պատասխան չհնչեց, միայն ակնարկներ եղան այն մասին որ Անգարա փոխադարձ վստահութեան քայլեր կ’ակնկալէ Երեւանէն։
Արդեօք այդ քայլերը կապ ունի՞ն Պաքուի պահանջները կատարելու հետ։ Թուրք դիւանագէտը չյստակացուց նաեւ այս կէտը, բայց առաջարկեց որ բանակցութիւնները վերսկսին, ընդ որում յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում ունենան Երեւանի մէջ։ «Ռուբէնին կ’առաջարկեմ յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում ունենալ Երեւանի մէջ եւ պատմական դարձնել այդ իրադարձութիւնը», ըսաւ Գըլըճ։
Արձագանգելով իր պաշտօնակցի խօսքերուն, Ռուբէն Ռուբինեան առաջարկեց քննարկել հրաւէրը եւ վերջնական որոշում կայացնել։ «Ես եւ դուք ատիկա յետոյ կը քննարկենք եւ կ’որոշենք թէ ե՞րբ եւ ուր կը հանդիպինք։ Ես ալ առաջարկ ունիմ ձեզի։ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման եւ սահմաններու բացման ճիշդ այս պահուն, այսօր, վաղը։ Եթէ Սէրտարը համաձայնութիւն յայտնէ, հիմա կրնանք յայտարարել այդ մասին ու պատմական դարձնել այս ֆորումը», ըսաւ Ռուբինեան։
İlk yorum yapan siz olun