Հիւրընկալը անցեալ տարուայ յաղթող՝ Մխիթարեան Սանուց Միութիւնն է
Ուրախութեամբ կրնանք փաստել որ Գիտելիքի միջ-միութենական մրցումը միշտ ալ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է մեր համայնքէն ներս եւ կան Սանուց Միութիւններ, որոնք յատուկ աշխատանք կը տանին այս ուղղութեամբ. կը պատրաստուին, փորձառութիւններով կ’ամրապնդեն իրենց գիտելիքները, ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, կը պատրաստեն այն անձերը, որոնք հանդէս պիտի գան իրենց Միութեան անունով։ Բայց ընդհանուր առմամբ այս մրցումը միասնութեան հերթական դրսեւորումներէն մէկն է, համայնքային կեանքի «դրուագ» մը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի գարնանամուտին։
Այս տարուանը յոբելենական մրցաշարքի հանգամանքը ունի։ 25րդ անգամ է որ կը կազմակերպուի, որպէս տանտէր ունենալով Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը. Մխիթարեանցիներ այս իրաւունքը շահացած էին անցեալ տարուայ յաղթողի կոչումով։
Երէկ իրիկուն կատարուեցաւ մրցաշարքի բացումն ու առաջին փուլը։ Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան Ատենապետ Արսէն Գովան։ Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնակից 13 Սանուց Միութիւններու խումբերուն, յետոյ ըսաւ որ Միութիւններու ընդհանուր որոշումով այս տարուայ մրցաշարքը կը ձօնուի նորոգ հանգուցեալ Արարատ Մօրի յիշատակին։ Իրենք որոշումէն տեղեակ պահած են Մօր ընտանիքը եւ զանոնք հրաւիրած են եզրափակիչ մրցումին։
Ինչպէս կը կազմակերպուի մրցաշարքը. եօթը փուլերով, շաբաթը երկու անգամ, մինչեւ 21 Մարտ։ Բացի 11 Մարտէն, մնացեալ բոլոր փուլերը պիտի կայանան Մխիթարեան վարժարանի դահլիճին մէջ։
Հարցումները կը վերաբերին հայ գրականութեան ու մշակոյթին, Թուրքիոյ եւ աշխարհի գրականութեան, գեղարուեստին ու թատերարուեստին, ընդհանուր զարգացման, մարզանքի, պատմութեան, երաժշտութեան, գիտութեան, ուսողութեան, երաժշտութեան, աշխարհագրութեան ու բնապահպանական ոլորտներուն։
Երէկուայ առաջին մրցումին ներկայ էին դատակազմի անդամներէն եւ հարցումներու պատրաստողներէն Գամէր Ալեանաքեան, Դոկտ. Սեւան Կարապետեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Արի Թաշ, եւլն։
Հաղորդավարը բեմերու սիրուած դէմքերէն Սելին Չաւուշեանն էր, որ ի դէպ շատ լաւ կատարեց պաշտօնը։
Քսան հարցումներու արդիւնքով առաջին փուլի լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեցին Արամեանցիները. անոնց կը յաջորդեն Ֆէրիգիւղի եւ Պէզճեան Սանուց Միութիւնները։
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։
İlk yorum yapan siz olun