İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԼԻՍԱ ՊԻԼԱԼ՝ ԳԱԼԻՖԻՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ԱՆԴԱՄ

Յայտնի պատմաբան, Լոս Անճէլըսի մէջ Գալիֆորնիա համալսարանի մէջ «Խոստում հայկական հիմնարկ»ի եւ «Հայոց ցեղասպանութեան» հետազօտական ծրագրի տնօրէն Փրօֆ. Թանէր Աքչամ երէկ լաւ նորութիւն մը կը հաղորդէր ընկերային ցանցի իր էջերուն վրայ։

Նախկին իսթանպուլահայ, ընկերաբան, երաժշտագէտ Դոկտ. Մելիսա Պիլալ միացած է Գալիֆորնիա համալսարանի «Խոստում հայկական հիմնարկ»ի ընտանիքին, պաշտօն ստանձնելով որպէս հայ երաժշտագիտութեան բաժնի տնօրէն։

Մելիսա Պիլալ հանրութեան ծանօթ է հայ երաժշտութեան, արուեստի եւ մշակութային պատմութեան բնագաւառէն ներս իր կատարած նշանակալից աշխատութիւններով։ Ան դուստրն է համայնքին ծանօթ զոյգի մը՝ Ռաֆֆի-Սրբուհի Պիլալի։ Ծնած է Իսթանպուլ, Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ընդունուած է Պօղազիչի համալսարանի ընկերաբանութեան ֆաքիւլթէ։ Դոկտորայի աւարտաճառը պաշտպանած է Շիքակոյի համալսարանի երաժշտութեան ճիւղին մէջ, յետոյ մասնագիտական ուսման հետեւած է Գոլոմպիա համալսարանի երաժշտագիտութեան ֆաքիւլթէէն ներս։ Մելիսա Պիլալ կը շարունակէ ուսումը՝ Իսթանպուլահայերու ցեղասպանութեան յիշողութեան, թրքահայերու բռնագաղթի պատմութիւններու, երաժշտութեան եւ յիշողութեան ոլորտներուն մէջ, կ’ուսումնասիրէ նաեւ օսմանեան հայ ազգագրութեան պատմութիւն, օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայ կիներու շարժման պատմութիւն։

Կը շնորհաւորենք զինքը եւ յաջողութիւններ կը մաղթենք նոր պաշտօնի գլուխ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ հարազատները՝ Պիլալ եւ Պինաթլը ընտանիքները։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/290224lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın