İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Փետրուար 2024, Ուրբաթ երեկոյ, ընդունեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանի այցելութիւնը։ Մեծայարգ հիւրին կ’ընկերանար օգնականը՝ Անահիտ Չալիքեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան:

Սեւ  Ծովեան  Տնտեսական  Համագործակցութեան  Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ ներկայացուցիչը, յայտնեց, թէ փափաքած էր առաջին առթիւ պաշտօնապէս այցելել Պատրիարքարան եւ ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան։ Ան ըսաւ, որ պատիւն ունի բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի, Վարչապետի, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնները: Իր ուրախութիւնը յայտնեց որ կը գտնուէր նման հոգեւոր կեդրոնի մը երդիքին տակ։ Յոյս յայտնեց, որ Ներկայացուցչութեան եւ Պատրիարքական Աթոռոյ յարաբերութիւնները իր պաշտօնավարութեան շրջանին եւս պիտի ընթանան բարւոք հունի մէջ:

Մեր Հոգեւոր Պետը նախ բարի գալուստ եւ բարի պաշտօնավարութիւն մաղթեց նորանշանակ ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանին եւ Անահիտ Չալիքեանին: Յոյս յայտնեց, որ այս քաղաքի երկնակամարին ներքեւ կը բոլորեն արդիւնաբեր ծառայութեան շրջան, յիշատակներ կը կուտակեն եւ իրենցմէ յիշատակներ կը թողուն այս քաղաքին: Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ինչ ինչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ հայ համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան եւ այժմու վիճակին մասին։

Ի յիշատակ սոյն այցելութեան, մեծայարգ հիւրը նուէր մը յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան։ Իսկ մեր Հոգեւոր Պետը հիւրերուն նուիրեց իր հեղինակած «Երկու ուխտաւոր» պատմավէպի հատորը։

Մտերմիկ այցելութեան աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան ընդունելութեան համար յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın