İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԺՈՒԼԻԱ ՄՈՒԹԼՈՒ ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

Գրեց՝ ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ժուլիա Մութլու. Ազգային դարաւոր մեր մշակոյթի պատմութեան բաւիղներուն վրայ, մեզի ժամանակակից խանդավառ դէմք մը, երախտարժան անուն մը ահաւասիկ, որ ջերմութեամբ կը համակէ մեր բոլորին սրտերը։ Անուն մը, որ լման կէս դարէ ի վեր, մեր մշակոյթի բերքառատ, անծայրածիր դաշտին վրայ, շողշողուն հմայքով եւ ոստոստուն հաճոյքով պար կը բռնէ, եւ որ հայ քաղ աքակրթական կեանքի հարստութիւնը բարձրաղաղակ շեփորելով՝ մեր պապենական անցեալի անդաստաններէն ընտիր բերքահաւաք կը կատարէ, հայ կանացիական եւ հայ տղամարդու ակնահաճոյ ճաշակին արտացոլացումը կը յանկերգէ։ Կ՝այցելէ ներկայիս պատմութիւն դարձած մեր բոլոր ոստանները, ուրկէ վաւերական փաստերով կը ծանօթացնէ մեզի մեր նախնիքներու ճաշակը, ընտանեկան կեանքը, ապրումներն ու նախասիրութիւնները։ Իրականին մէջ, իմ համոզումով, Ժուլիա Մութլու ապագայատեսիլ եւ ազգանուէր պատմաբան մըն է, որ անցեալի ապրումները կը միացնէ ներկային, հինն ու նորը ամրօրէն շաղկապելով իրարու, որպէսզի անցեալի հարստութիւնները զոհ չդառնան մոռացումի եւ ուրացումի կործանարար աւերին։ Յիսնամեայ գործունէութեան սեմին, Ժուլիա Մութլուին կը մաղթենք առողջութիւն, ոյժ եւ կորով, որպէսզի ան շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը, ի շահ մեր մշակոյթին։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/200124lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın