İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

“Ամէն ինչ, ամէն մարդ կարելի է սպանել, սակայն խիղճը անկարելի է սպանել, բարութիւնը, քաջութիւնը անկարելի է սպանել։”

Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինք, սպանութեան 17-րդ տարելիցին առթիւ, ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան վայրին վրայ։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան՝ Օսմանպէյի «Սէպաթ» շէնքի առջեւ կայացած ոգեկոչման հանդէսին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Այս տարուան յիշատակութեան խօսքը արտասանեց Հրանդ Տինքի բարեկամներէն, լրագրող ու գրող Օյա Պայտար։ Այս առթիւ ընթերցուեցաւ նաեւ պատգամը «Հրանդի ընկերները» նախաձեռնութենէն Չիյթեմ Մաթերի, որ Կեզիի դատավարութեան ձերբակալեալներէն է ու կը գտնուի բանտի մէջ։

Օյա Պայտարի ելոյթը հետեւեալն է.

“Հրանդի համար

Եղբայրներ ու քոյրեր, Հրանդի սիրելի ընտանիքը, ընկերները, հոս գտնուին կամ ոչ, մեր երկրի խաղաղասէր, խղճամիտ, լուսաւոր մարդիկ…
17 տարի առաջ ա՛յստեղ, ա՛յս դրան առջեւ, սիրելի Ռաքէլի անմոռանալի խօսքով, «մանուկէ մը ոճրագործ ծնած խաւարը» սպանեց Թուրքիոյ խիղճը։ Այո՛, Հրանդ խիղճն ու դարմանն էր այս երկրի դժուարութիւնները, ցաւերը կրող ու միաժամանակ ճնշուած մարդոց, տառապած ժողովուրդներու։

Կան յատուկ անձեր։ Անոնք իրենց վրայ կը խտացնեն իրենց դարու, հողի, ժողովուրդի արժէքները։ Հրանդ ալ մէկն էր անոնցմէ։ Այսօր, երբ զինք կ՚ոգեկոչենք, մի՛ կարծէք, որ անհիմն վերագրումներ կը շռայլեմ Հրանդ Տինքի հասցէին։ Զինք ճանչցայ 2002 թուականին։ Հաւաքուած էինք Խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը հիմնելու նպատակով։ Դեռ այն ժամանակ մտածած էի այդ մասին։ Իրեն կը պատկանի մեր կարգախօսը՝ «Խաղաղասիրութիւն առանց այլեւայլի», նաեւ «Ո՛չ ուժի ահաբեկչութիւնը, ո՛չ ահաբեկչութեան ուժը» նշանաբանը։ Երկկողմանի յարձակումի ենթարկուած շրջանին, «Հոս, Թուրքիոյ մէջ, Թաքսիմի հրապարակի մէջտեղ, “Ցեղասպանութիւն եղած է”, իսկ Փարիզի Քոնքորթի հրապարակի վրայ ալ, քարի մը վրայ կանգնած, “Ցեղասպանութիւն չէ եղած” պիտի պոռամ» երբ կ՚ըսէր՝ խաղաղութեան լեզուով է որ կ՚աղաղակէր ընդդէմ ցեղապաշտ-ազգայնական մոլեռանդութեան, որ ժողովուրդները իրարու թշնամի կը դարձնէ։ Ան հպարգելքներ բեկանող մըն էր, որ կուրծք կու տար պաշտօնական պատմագրութեան կեղծիքներուն ու աղաւաղումներուն։ Եւ գիտենք, թէ այն ուժերը, որոնք կը բնակին խաւարի մէջ, սաստիկ կը վախնան հպարգելքներու կործանումէն, կեղծիքի բացայայտումէն, իրենց խաւար դէմքի երեւումէն։ Ա՛յս պատճառով սպանեցին Հրանդը։

Ան բազէ մը չէր, այլ՝ աղաւնի։ Կը սխալէր, երբ կ՚ըսէր, թէ՝ «Աղաւնական խռովքով մը կ՚ապրիմ, բայց գիտեմ, որ այս երկրի մէջ աղաւնիներ չեն սպաննուիր»։ Եթէ ըլլար բազէ մը, յարձակող մը, եթէ ժողովուրդներու միութիւնը, եղբայրութիւնը պաշտպանէր զէնքով, բռնութեամբ՝ թիրախ պիտի չըլլար։ Հինաւուրց խաւարը, որ կը տիրապետէ այս երկրին, աղաւնի մը ըլլալուն համար է որ մահապատժի վճիռ արձակեց։ Ուզեցին լռեցնել աղաւնին, որովհետեւ հասկցան, որ Հրանդ Տինքէ դաւաճանի կերպար մը պիտի չկարենան ստեղծել, քանի որ ըմբռնեցին առանց այլեւայլի խաղաղասիրութեան լուռ ուժը։

Աղբարի՛կ, 17 տարի առաջ այսօր, այս ժամերուն քեզ անջատեցին երկրէդ, ընտանիքէդ, բարեկամներէդ, հողէդ, մեզմէ։ Կը յիշեմ տուած պատասխանդ, երբ կը յարձակէին քեզի՝ ըսելով, թէ «Աչք ունիք այս հողերու վրայ»։ Ըսած էիր. «Մենք աչք ունինք այս հողերու վրայ, որովհետեւ հո՛ս են մեր արմատները։ Բայց մի՛ մտահոգուիք, ո՛չ թէ այս հողը առնել ու երթալու համար, այլ մտնելու համար այս հողի խորքը»։ Դուն՝ մէկը այս հողի ամենէն իսկական, ամենէն արժէքաւոր, մեր հպարտութիւնը հանդիսացող զաւակներէն, հիմա կը ննջես այս հողի տակ, որու խորքն են քու արմատներդ։ Երկրի բոլոր մարդիկը, բոլոր ժողովուրդները՝ թուրքեր, քիւրտեր, հայեր, յոյներ, հրեաներ, լազեր, չերքեսներ, արաբներ, եզիտիներ, ասորիներ, բոլորիս արմատները մեր հողի խորքին կը խառնուին, կը փաթթուին իրարու։ Ահա այս պատճառով, ի հեճուկս ցեղապաշտներու, ֆաշիստներու, մեզ անջատողներու ու մեզ թշնամացնողներու, ամէն տարի կը ժամադրուինք հոս։ Ամէն տարի կ՚աղաղակենք՝ «Հակառակ ֆաշիզմի, իմ եղբայրն ես Հրանդ»։ Բոլորս հայ կը դառնանք։ Յիշողութիւնը արթուն պահելու, չմոռնալու, չմոռցնելու համար, բայց բո՛ւն՝ այս հողի վրայ որպէս իրաւահաւասար ու ազատ անհատներ միասնաբար բնակելու փափաքը որպէս քու կտակդ ընդունելու համար…

PHOTO: Berge ArabianPHOTO: Berge Arabian

Սակայն լաւ լուրեր չունիմ քեզի տալիք, Աղբարի՛կ։ Խաւարը, որ իջած է մեր երկրի վրայ, կը թանձրանայ տարուէ տարի, օրէ օր։ Չյաջողեցանք տապալել մանուկներէ ոճրագործ, անմեղ երիտասարդներէ ոխակալ սերունդներ պատրաստողներու իշխանութիւնը։ Ցեղապաշտ-ֆաշիստ միաւորներու յարձակումի ենթակայ են մարդկային այն արժէքները, որոնց համար կեանքդ զոհեցիր։ Երկրի կառավարիչները իրենց գոյութիւնն ու իշխանութիւնը կը պահեն ու զայն կ՚ամրացնեն ժողովուրդները իրարու թշնամացնելով։ Կ՚ոչնչանայ վստահութիւնը վաղուան նկատմամբ, մարդիկ օրէ օր կը յուսահատին անորոշ սպասումի մը մէջ։ Հիմա աւելի լաւ կը հասկնանք, որ քեզի ուղղուած փամփուշտը արձակուած էր այս երկրի ժողովուրդներու, խաղաղութեան դէմ։

Դուն մեր խիղճն ես, Աղբարի՛կ։ Ամէն ինչ, ամէն մարդ կարելի է սպանել, սակայն խիղճը անկարելի է սպանել, բարութիւնը, քաջութիւնը անկարելի է սպանել։ Ահա այս է պատճառը որ 17 տարիէ ի վեր, ամէն 19 Յունուարին, բոլորիս մէջ դարձեալ կը ծնիս։ 19 Յունուարը խղճի ու եղբայրութեան օր է, ըստ այդմ պէտք է նշուի։

Ողջո՜յն անոնց, որոնք հետդ նոյն արժէքները կը կրեն։ Ողջո՜յն անոնց, որոնք ուխտած են այդ արժէքները համարձակութեամբ, ի պահանջել հարկին ի գին իրենց կեանքի պաշտպանելու։ Ողջո՜յն անոնց, որոնք այդ արժէքները պաշտպանելու համար գին կը վճարեն բանտախուցերու մէջ, աքսորի մէջ։ Անկարելի է մի առ մի թուել իրենց անունները. յանձինս խորհրդանշան դարձած Սելահատտին Տեմիրթաշի, Օսման Քաւալայի, Կիւլթան Քըշանաքի՝ քու անունովդ կ՚ողջունեմ զիրենք։”

(արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեւան Տէյիրմենճեան)

Չիյթեմ Մաթերի պատգամը հետեւեալն է.

“Անցաւ տարի մը եւս՝ յամառութեամբ սպասելով արդարութիւնը։ Տարի մը, երբ փոխանակ արդարութեան, վերստին դէմ յանդիման մնացինք անարդարութեան հետ…

17 տարի անց, 17 տարեկան ոճրագործը ա՛լ մեզի հետ է, ինչպէս որ մեզի հետ են «սպանէ՛» հրահանգողները…

Ո՛չ պիտի հրաժարինք Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան ետին գտնուող խաւարը խուզարկելէ, ո՛չ ալ՝ արդարութեան պահանջէ։

19 յունուար 2007-ին, «Սեպաթ» շէնքի առջեւ պատահած ոճրագործութիւնը չի պատկանիր այդ «պահուն», գիտե՛նք։ Ետին ունի 100 տարուան, առջեւը՝ 17 տարուան անիրաւութիւն։

Ներսն ալ, դուրսն ալ գիտենք, կը ճանչնանք ոճրագործները, «սպանէ» հրահանգողները։
Նոր չեն, դժբախտաբար չեն ալ հիննար… Բարեբախտաբար մենք ալ չե՛նք նուազիր։

Հրանդ Տինքի հանդէպ մեր սիրով ու ամօթով, արդարութեան հանդէպ մեր հաւատքով ու յամառութեամբ՝ այստե՛ղ ենք, մինակ չենք։”

Չիյթեմ Մաթեր
Պաքըրգիւղի կանանց բանտ

(արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեւան Տէյիրմենճեան)

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/29706/amen-inch-amen-mart-garyeli-e-sbanyel-sagahn-khighchi-angaryeli-e-sbanyel-parutiwni-kachutiwni-angaryeli-e-sbanyel?fbclid=IwAR2ON06VL_S4F9dnyG2vmbeuDrberB6etbfvUaRitmrPbUlYfjruMOL5ycc

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın