İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան աւարտելով իր Ստանպուլի պաշտօնավարութեան շրջանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Եթովպիոյ դեսպան նշանակուելով, ի մօտոյ կը մեկնի քաղաքէս։ Այս առթիւ, 17 Յունուար 2024, Չորեքշաբթի, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու Սրահին մէջ պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ։

Հրաժեշտի ընթրիքին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեան, նոյն Ժողովէն Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Յանուն Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայ էր Գերշ. Տ. Փաիսիոս Եպս.։ Ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Ընթրիքը սկսաւ աղօթքով, ապա բացման խօսքը եռալեզու արտասանեց Մարալ Էպէօղլու-Սաթար որ բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտնեց ընթրիքի նպատակը։

Բեմի պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ Սահակ Սարգսեանի Ստանպուլի պաշտօնավարութեան շրջանի լուսանկարներէն պատրաստուած ժապաւէն մը։

Յանուն Կարգադիր Յանձնախումբին ելոյթ ունեցաւ Արա Գօչունեան եւ բնութագրեց Սահակ Սարգսեանն ու իր Ստանպուլի մօտ հնգամեայ պաշտօնավարութեան շրջանը։ Գօչունեան շեշտեց, թէ ինչպէս Սարգսեան իր անհատականութեամբ ու աշխատելակերպով ինչպէս յաջող ու պատուաբեր պաշտօնավարութեան շրջան մը աւարտեց եւ հիմա՝ այլ պատուաբեր պաշտօնով մը կը մեկնի քաղաքէս՝ հաճելի յիշատակներ թողելով ու իր հետ տանելով։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Դեսպան Լազար Քոմանեսքուն, որ վեր արաւ Սահակ Սարգսեանն ու իր պաշտօնավարութեան շրջանը։

Երեկոյթին արուեստի բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքիս երգի երեք արուեստեգէտները՝ Արթիւր Պաղտասարեան, Պարթեւ Կարեան եւ Սիպիլ, որոնք երկուական երգով հանդէս եկան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ Սահակ Սարգսեանը պարգեւատրեց Աթոռոյս Օրմանեան շքանշանով։ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը կարդաց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ.։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը օրուան մեծարեալի վիզէն կախեց Օրմանեան շքանշանը։

Հրաժեշտի խօսքով հանդէս եկաւ Սահակ Սարգսեան, որ նախ բնութագրեց իր մօտ հնգամեայ պաշտօնավարութեան շրջանը, ապա՝ սկսեալ մեր Հոգեւոր Պետէն, իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որոնք սա կամ նա կերպով իրենց ներդրումը ունեցած էին իր ծառայութեան մէջ։ Ի յիշատակ այս օրուան, յուշանուէր մը յանձնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Սարգսեան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց խումբ մը նուիրեալներու, որոնք միշտ, նաեւ զանազան ձեռնարկներու ընթացքին իրենց գործօն զօրակցութիւնը բերած են անձնապէս իրեն ու ներկայացուցչութեան։ Սարգսեան յուշանուէրներ յանձնեց սոյն նուիրեալներուն։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան կարգադիր յանձնախումբին։ Սահակ Սարգսեան այժմէն յաջողութիւն մաղթեց իր յաջորդին, որ ի մօտոյ պիտի գայ ստանձնելու իր պաշտօնը։

Կարգադիր Յանձնախումբի անունով Լենա Ենիեորկան գեղեցիկ պատեռ մը նուիրեց Սահակ Սարգսեան կողակցին՝ Տիկին Արփինէի։ Նուիրուած պաստառը գործն էր Ստանպուլահայ արուեստագէտ Սայաթ Ուշաքլըկիլի։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ըսաւ թէ իր խօսքը արդէն կարդացուեցաւ, որպէս օրհնութեան գիր։ Մեր Հոգեւոր Պետը յանուն ներկաներու անգամ մը եւս շնորհաւորեց Սահակ Սարգսեանը, որ անձայն-անշշուկ եկած էր մօտ հինգ տարիներ առաջ, իսկ հիմա փառաւոր այս հրաժեշտով, յիշատակներով ծանրաբեռնուած կը մեկնի դէպի նոր պաշտօններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնները, որու հետ զրոյցի ընթացքին դրուատալից խօսքերով արտայայտուած էր Սահակ Սարգսեանի մասին եւ յաջողութիւն մաղթած էր իրեն։ Պատրիարք Հայրը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց կարգադիր յանձնախումբին եւ օրուան բոլոր մասնակիցներուն։

Ընթրիքի աւարտին ներկաներ առիթն ունեցան անձնապէս շնորհաւորելու Սահակ Սարգսեանն ու կողակիցը եւ իր նոր պաշտօնին ու յառաջիկայ կեանքին մէջ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ մաղթեցին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın