İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԺՈՒԼԻԱ ՄՈՒԹԼՈՒ ԵՒ ԻՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ 28 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ

Հայ մշակոյթի «խենթ նուիրեալ»ներ ունինք մեր համայնքէն ներս։ Այսպիսիներ, ստեղծագործական իրենց ջիղով ու անհատնում աշխատանքով պոլսահայ մշակոյթի ժառանգութեան նորօրեայ պատմութիւնը կը կերտեն, ապրում կը ստեղծեն ճերմակ էջերուն վրայ, իրե՛նց պատկանող գոյնը կը թողուն գալիք սերունդին եւ երբեք չեն վհատիր։

Լաւագոյններու փաղանգէն է արուեստագիտուհի Ժուլիա Մութլու, որ վերջին տարիներուն բեմերու վրայ կը փայլի «հայկական աւանդական տարազներ»ով սարքուած հրաշալի ներկայացումներով։ Արուեստագիտուհիի ստեղծագործական կեանքի ուղին բազմերանգ է եւ գագաթային կէտեր կան այդ ճամբուն վրայ. ան պարարուեստի գծով առաջին քայլերը առած է «Սայաթ Նովա» երգ ու պարի խումբին հետ, յետոյ ստեղծագործական ուղին շարունակուած է՝ Էսաեան Սանուց Միութեան երգ ու պարի խումբին մէջ մենակատարութեամբ, աւելի վերջ Պենոն Գուզուպաշի ու ընկերներուն հետ «Մարալ» երգ ու պարի խումբի հիմնումով հանդէս եկած է որպէս պարուսոյց եւ գլխաւոր պարուհի։ Այս հարուստ կենսագրութեան յատկանշական միւս հանգրուանը «Դալար» երգ ու պարի խումբի հիմնումր եւ ղեկավարութիւնն է, իսկ 2011էն ի վեր… աննախադէպ նախաձեռնութեան մը հեղինակութիւնը։

Ահաւասիկ այդ թուականին «հայկական աւանդական տարազներ»ու հաւաքածոյ պատրաստելու «արկածախնդրական» գաղափարը իրականութիւն դարձաւ Ժուլիա Մութլուի եւ իր գլխաւոր օգնականուհի Ժանին Փափազեանի կողմէ, եղաւ համայնքային մեր ապրումներու մէկ մասնիկը, որ անընդհատ կը յիշեցնէ հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութեան մասին, ազդարարիչ ոյժի պէս պարբերաբար մեզ կը ժամադրէ պատմութեան հետ, արթուն կը պահէ ազգային ջիղը, անխօս, բայց յստակ պատգամով կը յանձնարարէ որ չմոռնանք մեր թանկագին աւանդները, եսակեդրոն այս դարուն մէջ չմսխենք այն ամէնը, որ մեզ «մենք» կը դարձնէ՝ բոլոր երեսակներով։

Ուրեմն երախտապարտ ենք Ժուլիա Մութլուին, որ ստեղծագործական կեանքի ոսկեայ յոբելեանը պիտի տօնախմբէ յառաջիկայ 28 Յունուարին սարքելի ներկայացումով մը ու եթէ տակաւին տոմսակ չէք գնած, ուրեմն աճապարեցէք, մասնակիցը դարձէք այդ տօնահանդէսին ո՛չ միայն օրուայ մեծարեալը պատուելու, այլ հոգեպէս վերանորոգուելու համար։

Խումբը այս օրերուն վերջին փորձերը կը կատարէ Կեդրոնական Սանուց Միութեան սրահին մէջ։ Երէկ իրիկուն առիթն ունեցանք կարճատեւ զրոյց մը ունենալու մեր սիրելի Ժուլիա Մութլուին հետ, նաեւ հատուածներ դիտելու փորձէն։ Առանց վերապահութեան կը հաստատենք որ հրաշալի գիշերուայ մը համար պիտի ժամադրուիք խումբին հետ, որ վերջին անգամ բեմ ելած էր Դեկտեմբեր 2019ին «հայկական աւանդական ծէս»երով։ Ուսանելի դասեր կան յոբելենական ներկայացման մէջ։ Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլայ եթէ այդ աւանդութիւններէն պատառիկներ համադրուին ներկայի նորարարութիւններով ծանրաբեռնուած հարսնիքներու ընթացքին։ Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ եթէ հարսանեկան տարազներուն մէջ Ժուլիա Մութլուի ու Ժանին Փափազեանի կողմէ «բանուած» տարազներէն հայկականութեան նշոյլ մը դրոշմուած ըլլայ կամրջելով անցեալը՝ ներկային։

Այս մտածումներով է որ երկուստեք յուզաթաթախ զրոյց մը ունեցանք փորձին սկիզբը։ Սիրելի արուեստագիտուհիի առանց այդ ալ թախծոտ խաժ աչքերուն ծայրը արցունքի կաթիլ մը պահուըտած է ու միշտ հոսելու պատրաստ է յատկապէս այս օրերուն, երբ մօտ է միջոցառման թուականը։

Ան շատ ուրախ է որ հարազատ ժողովուրդին հետ պիտի բաժնէ ստեղծագործական կեանքի յիսնամեակի բերկրանքը, որովհետեւ «հայկական տարազներ»ը այլեւս իր առօրեայ կեանքի անբաժան ապրումներն են, միայն կտոր ու բանուածք չեն, այլ դարերէն եկող անխօս պատգամաբերներ, անցեալի հարուստ բարքերու անժխտելի վկաներ՝ իր եւ իր խումբին, նաեւ մեր բոլորին համար։

Ներկայացման մասին տպաւորութիւնները կը պահենք 29 Յունուարին, իսկ մինչ այդ երէկ փափաքեցանք լսել թէ Ժուլիա Մութլուի ստեղագործական կեանքի այս յիսուն տարիներու ընթացքին ո՞րն էր գագաթային պահը…։ Պատասխանը ետ կը տանէր մեր յիշողութիւնները մինչեւ 2015 թուական, երբ Ապրիլին «Հարիւր տարի, հարիւր տարազ» ներկայացումով խումբը բեմ ելած էր Երեւանի օփէրային թատրոնին մէջ, պատմութեան անիւը ետ կը տանէր դէպի այն զգացական տեսարանը, որ պարզուած էր հարիւրաւոր հանդիսականներու յոտնկայս ծափերով ու երախտագիտութեան արտայայտութիւններով, յետոյ… դէպի այն պահը, երբ այդ շրջանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ Հայաստանի պետութեան կողմէ «երախտագիտութեան մետայլ»ի արժանանալու պատիւն ունեցած էր անկրկնելի զգայնութեամբ ու մինչեւ այսօր իր ջերմութիւնը պահող ոգեւորութեամբ։ Այս բոլորը իր կեա՛նքն էին եւ ստեղծագործելու մղիչ ազդակները։

Կը խօսէինք ու միտքիս մէջ հարցում մը կը կրկնուէր. ի՞նչ պիտի ըլլար տարազներու ճակատագիրը։ Չհամարձակեցայ հարցնելու այդ մասին, բայց յոյս փայփայեցի որ ապագային տարազները պատուաւոր տեղ մը պիտի ունենային որպէս թանգարանային նմոյշ եւ ներշնչումի աղբիւր՝ նոր «խենթ»երու համար։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Ժուլիա Մութլուին եւ իր խումբին, որոնք ներկայացման հասոյթը պիտի տրամադրեն բարեսիրական նպատակներու։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/180124lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın