Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Յունուար 2024, Երկուշաբթի, ընդունեց Ժուլիա Մութլուն, ընկերակցութեամբ Տիանա Գամբարոսեանի եւ Սիմոն Գումրալի։
Ինչպէս ծանօթ է, Ժուլիա Մութլու Մարալ Երգի-Պարի Անսամպլի օրերէն ի վեր կ’աշխատի հայկական տարազներու վրայ։
Մութլու իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ ուրախութեամբ եկած է մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու իր արուեստի աշխարհի գործունէութեան յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած երեկոյթին։ Նոյն օր պարախումբի հետ պիտի ցուցադրուին զգեստները։
Ան մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրեց հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 28 Յունուար, երեկոյեան։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց միջոցառման համար եւ շնորհաւորեց հայ ազգագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի եղած սոյն ներդրումին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, որ ներկայ պիտի ըլլայ յիշեալ հանդիսութեան, որպէս գնահատանք եւ քաջալերութիւն տարուած աշխատանքին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun