Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Յունուար 2024, Երկուշաբթի, ընդունեց Փարոս հանդէսի ու հրատարակչատան տէր Մայտա Սարիսը։
Սարիս իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ ուրախութեամբ եկած է մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու նոր հատորի մը շնորհանդէսին, որ պատրաստուած է Փրօֆ. Տքթ. Էմինէ Ալչըթէփէի եւ Տքթ. Կալիփ Ալչըթէփէի կողմէ։ Գիրքի անունն է «Թուրքիոյ բուսաբանութեան կալուածէն ներս իրենց նպաստը բերած հայազգի բուսաբաններ» (Türkiye florasına katkıda bulunan Ermeni botanikçiler)։
Ան մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրեց գիրքի շնորհանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 7 Փետրուարին։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց նոր հրատարակութեան համար եւ շնորհաւորեց մշակոյթի ու գիտութեան եղած սոյն ներդրումին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, որ ներկայ պիտի ըլլայ գիրքի շնորհանդէսին, որպէս գնահատանք եւ քաջալերութիւն տարուած աշխատանքին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun