Թորոնթոյէն մեր պատուակալ աշխատակից Յարութիւն Դերձակեան Շաբաթ օր տխուր լուր մը հաղորդեց մեզի։ Իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, մոնրէալաբնակ դերասանուհի եւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճէմեան, որու հետ անմոռանալի յիշատակներ ունին մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան, նաեւ համայնքէն բազմաթիւ մշակութասէրներ։ Մեր աշխատակիցը յայտնեց որ Սիրարփի Աճէմեանի մահուան բօթը իրեն հաղորդած էր ողբացեալին դուստրը՝ Արաքս Աճէմեան։ Մահը պատահած էր Շաբաթ օր։ Հանգուցեալին փափաքին համաձայն առանց եկեղեցի երթալու մարմինը պիտի հրկիզեն ու մոխիրները ծով պիտի թափեն։ Երէկ, Կիրակի, մարմինը արդէն իսկ հրկիզուած էր։
Տիկին Սիրարփի Աճէմեան եւ մեր խմբագրապետը լաւ բարեկամներ էին եւ համագործակցած էին իրարու հետ։ Տարիներ առաջ ան գլխաւոր դերը մարմնաւորած էր Հատտէճեանի «Մահը ա՞յս է արդեօք» թատերախաղին մէջ։ Բացի ատկէ, ան ողբ. Արթօ Պէրպէրեանի հետ զանազան Միութիւններու բեմերուն վրայ աւելի քան 35 անգամ ներկայացուցած էր Ռ. Հատտէճեանի «Կեանքի մը երեք կիրակիները» թատերախաղը։
Ողբացեալը պոլսահայ հ անրայայտ օփէրային երգչուհի Ալիս Մանուկեանի քոյրն էր։ Հոսկէ գաղթելով Մոնրէալի մէջ շարունակած էր իր ստեղծագործական աշխատանքը, որպէս կեանքի ու ասպարէզի կողմնացոյց ընտրելով «պահէ աւանդը» կարգախօսը։ Ան երկար տարիներ շարունակ ո՛չ միայն պահպանած, այլ նաեւ իր ամնացորդ նուիրումը բերած է թատերական ոլորտին, հանդէս գալով ո՛չ միայն որպէս դերասանուհի, այլ որպէս բեմադրիչ եւ համայնքային գործիչ։
Կը ցաւակցինք ողբացեալի ընտանիքին եւ բոլոր հարազատներուն։ Մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք նաեւ իր քրոջ՝ մեր սիրելի Ալիս Մանուկեանին։
İlk yorum yapan siz olun