Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Գումգաբու Դրսի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան Էլազըղի մեր ժողովուրդին։
Հայր Սուրբը 13 Յունուար 2024, Շաբաթ, օդային ճամբով հասաւ Էլազըղ եւ դիմաւորուեցաւ քաղաքի Հայ համայնքի անդամներէն Արման Եաղճըի կողմէ եւ հիւրասիրուեցաւ Եաղճը ընտանիքի բնակարանին մէջ։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի հայկական գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ կանոնական պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։
Ի ժամ Սուրբ Պատարագի, նախ քան Տէրունական Աղօթքը պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց եւ Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի իմաստին եւ հաւատացեալները հրաւիրեց որ միշտ ի մտի ունենան, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» եւ այս առումով ալ նեղութեան, ցաւերու, տառապանքներու հետ դէմ հանդիման մնալու պարագային ապաւինիլ այս խօսքին զօրութեան, միշտ վստահ ըլլալով, որ Աստուած մեզի հետ է։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէք եւ խորհրդանշական կնքահօր պարտականութիւնը ստանձնեց Եթքին Եաղճը։
Յետ ջրօրհնէքի Էլազըղի մեր համայնքի հանգուցեալ անդամներուն հոգւոցն ի հանգիստ կատարուեցաւ ընդհանուր պաշտօն։
Խարբերդի մերձակայ ճաշարանի մէջ ի պատիւ Հայր ժողովուրդի մասնակցութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Հայր Սուրբը ընկերակցութեամբ Արման Եաղճըի քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ քաղաքի Ասորւոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Մուշէ Տաղ Վարդապետին եւ ուխտի աղօթք ըրաւ գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայր Սուրբը Կիրակի գիշեր օդային ճամբով վերադարձաւ Իսթանպուլ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun