Շաբաթ առաւօտ, մշակութասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ՝ հաւաքոյթի մը համար։ Թաղային Խորհուրդը հրապարակային ասուլիս մը սարքած էր հիւրընկալելով երեք բանախօսներ՝ Հենրիէթ Թօփուզեան-Պաշօղլուն, Պերքէն Տէօնէրը եւ Մարգրիտ Աթմաճան, որոնց զրոյցի թեման Գուզկունճուքն էր՝ իր անցեալով, ներկայով ու ապագայով։
Ինչպէս ծանօթ է, Գուզկունճուք բազմամշակոյթ խճանկար մը ունեցող թաղ է, ուր շուրջ կէս դար առաջ հայեր մեծ թիւ կը կազմէին խաղաղ համակեցութիւն մը ունենալով միւս փոքրամասնութիւններուն պատկանող թաղեցիներու հետ։ Հիմա դժբախտաբար, տարբեր իրականութիւն մը ունինք մեր առջեւ։ Գնահատելի է Թաղային Խորհուրդը, որ շատ լաւ գաղափար մը իրականացուց, ձեռք առնելով պատմական թաղի ներկայացումը՝ իր ամենատարբեր երեսակներով։ Երեք բանախօսները, մէկ առ մէկ արտայայտուեցան եւ անոնցմէ ամէն մէկը իր տեսանկիւնէն «քննեց» անցեալն ու ներկան, անհերքելի իրականութիւններով «կամրջելով» զանոնք։
Հենրիէթ Թօփուզեան-Պաշօղլու խօսեցաւ թաղի հայերու մասին, անոնց ունեցած կալուածներու, գործի եւ արհեստներու գծով արձանագրած յաջողութիւններու, թաղի պատմական շինութիւններու եւ թաղի ընդհանուր դիմագծութեան մասին։ Լուսանկարները այն անմեռ փաստերն էին, որոնք թէեւ այլեւս պատմութիւն են, բայց կը պատմէին հին համբաւաւոր առանձնատուներու ու ապարանքներու մասին։ Այդ կառոյցները մինչեւ քանի մը տասնամեակներ առաջ փոքրամասնութիւններու կը պատկանէին, բայց հիմա կա՛մ ուրիշներն են անոնց տէրերը, կա՛մ այդ տուները փլած են՝ հողակտոր դառնալով այլ շինութիւններու համար։
Միւս բանախօսը Պերքէն Տէօնէր, որ «Այդպիսի Իսթանպուլ մը» անունով գիրք մը հրատարակած է, ներկայացուց այն հարցազրոյցները, զորս կատարած էր հին թաղեցիներուն հետ եւ յետոյ զանոնք մէկտեղած վերոյիշեալ գրքին մէջ։ Պատմեց Գուզկունճուքի անցեալի օրերու մասին, յիշեցնելով մինչեւ մօտիկ անցեալ, թաղին մէջ գլխաւորաբար փոքրամասնութիւններու անդամներ քով քովի կ’ապրէին, իրարու հետ «համադրելով» բարքերն ու աւանդութիւնները։
Երրորդ բանախօսը Գուզկունճուքի թաղեցի էր, համայնքիս ծանօթ անուն մը՝ Մարգրիտ Աթմաճա։ Իր յիշողութիւնները ականատեսի աչքերով էին։ Ծնունդով արաբկիրցի, հետագային ապրած էր Լալելիի մէջ, քանի որ հայրը Գոց շուկայի մէջ ոսկերիչ էր։ Գուզկունճուք, դիպուածաւ մը իր ընտանիքի բնակութեան վայրը դարձած էր եւ թաղին մէջ իրե՛նց ընտանիքի ներկայութիւնը տարբեր երանգ մը հաղորդած էր թաղեցիներու կեանքին։
Գուզկունճուք այն թաղն է ուր մզկիթ, եկեղեցի ու սինակոկ իրարու հետ կողք կողքի հաւատքով ներշնչուելու աղբիւր են բնակիչներու եւ այցելուներու համար։
Մարգրիտ Աթմաճա ուշագրաւ մէջբերում մը կատարեց, յիշեցնելով իր ողբացեալ մօր՝ Վարսէն Օրունճաքճիէլի մէկ խօսքը. «Աղջիկս, յուղարկաւորութիւնն ալ իրականութեան մէջ հարսանեկան արարողութիւն է, միայն թէ ժամանակին ըլլայ»։
Հրապարակային ասուլիսը շարունակուեցաւ հարցում-պատասխաններով։ Թաղեցիներ ալ կային եւ անոնցմէ մէկ քանին խօսք առնելով իրենց յիշատակները պատմեցին։ Մահմետական տիկին մը պատմեց յոյն կնոջ հետ ունեցած դրացնութեան, անոր հետ յունարէնով խօսակցելու մասին։ Հրեայ տարեց բնակիչ մը նոյնպէս հետաքրքրական պատմումներով խօսեցաւ թաղի դրացիներու մասին։
Աւարտին, Թաղային Խորհուրդի կողմէ ծաղկեփունջեր յանձնուեցան բանախօսներուն։ Բոլորը գոհ էին եւ շնորհակալ՝ կազմակերպիչներուն։ Ամփոփելով կրնանք ըսել որ գնահատանքի արժանի ձեռնարկ մըն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։
İlk yorum yapan siz olun